ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ 23-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 7 մարտ 2011-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախակրթարանի աշակերտները նշեցին Արցախի ազատագրական պայքարի 23-րդ ամեակը:

Ե. դասարանէն Լոռի Գորէսեան կարդաց բացման խօսքը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Դ. դասարաններու աշակերտները երգեցին Յ. Շիրազի «Ղարաբաղ իմ»ը, ապա Ռազմիկ Տէրունեան արտասանեց Արմանտի «Դուք» բանաստեղծութիւնը: Հետաքրքրական էր Արցախի մասին տեղեկութիւններու ու նկարներու համադրումով Զ. դասարաններու աշակերտներուն պատրաստած տեսերիզի ցուցադրութիւնը, որմէ ետք Ե. դասարաններու աշակերտները երգեցին Յ. Շիրազի «Ղարաբաղ»ը, ապա Վանայ Պաքալեան արտասանեց Ղարաբաղի նուիրուած բանաստեղծութիւն մը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց հիւր դասախօս Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, որ հարցադրումներով ու աշակերտներէն ստացած պատասխաններով սկսաւ նիւթի ներկայացման: Ան ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ Արցախի պատմականին ու անցաւ ազատագրական պայքարի զանազան հանգրուաններուն` շեշտելով արցախցիին նկարագրին մաս կազմող գոյատեւման ու ազատատենչ ոգիին ուժգնութիւնը, «Մամիկն ու պապիկը» նկատելով լաւագոյն խորհրդանիշը այդ նկարագրին: Ան շեշտեց նաեւ արցախեան պայքարին մէջ սփիւռքի եւ Հայաստանի միասնական ներդրումը: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան նիւթին, ապա Վիգէն Աւագեան պատասխանեց անոնց հարցումներուն:

Արցախի ազատագրական պայքարին ներկայ էր հայրենի երգիչ-ազատամարտիկ Մակիչը, որ յուզուած խօսք առաւ եւ արտայայտեց իր հիացումը աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն կողմէ բծախնդրութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկին առիթով: Ան պատմեց իր ազատամարտիկի փորձառութենէն, ճեմարանական նահատակ Վիգէն Զաքարեանի մասին, որ հայրենասիրական նոյն ոգիով դաստիարակուած` նահատակուած էր Արցախի ազատութեան եւ անկախութեան սիրոյն: Ան ընդգծեց սփիւռքի կարեւոր դերը հայրենիքի ճակատագրական հանգրուաններուն: Մակիչի հայոց լեզուին նուիրուած եւ «Պատերազմ ենք գնում» երկու երգերով փակուեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի 23-րդ ամեակին նուիրուած ձեռնարկը:

Նշենք, որ Արցախի մասին նախակրթարանի իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները կատարած էին հետեւեալ աշխատանքները. Դ. դասարանի աշակերտները` Արցախի զանազան շրջաններուն մասին պատի թերթ, Ե. դասարանի աշակերտները` նահատակներուն մասին պատի թերթ, իսկ Զ. դասարանի աշակերտները` տեսերիզի պատրաստութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES