FACEBOOK (ԸՆԿԵՐՆԵՐ ԱՌԱՆՑ ՍԱՀՄԱՆԻ)

– Աշխարհատարած ցանցով ընկերային յարաբերութեան ձե՞ւ

– Յարաբերութեան  խաբկա՞նք

– Առեւտրական  շուկա՞յ

– Գաղափարներու տարածման եւ միջոցառումներու ստեղծման  ո՞ւժ

– Շատերու անձնական տուեալներու շահագործմամբ քիչերու հարստացման  միջո՞ց

Աշխարհի չորս կողմերէն մօտաւորապէս 500 միլիոն մարդիկ իրենց կեանքին մէկ երեսովը կ՛ապրին facebook-ի վրայ: Եթէ զայն երկիր մը համարէինք, բնակչութեան առումով  ան պիտի կազմէր աշխարհի երրորդ մեծագոյն ու բազմամարդ երկիրը:

Երեւակայեցէք. դուք նստած էք ձեր տան մէջ, բաց պատուհանի առջեւ, ուրկէ  անցնող -դարձող ձեզ կը տեսնէ եւ կը դիմէ ձեզի, որ ձեր բարեկամը դառնայ: Եթէ ընդունիք, ան պիտի կարենայ ուզած ժամուն ձեր բացայայտած լուսանկարներն ու երիզները դիտել, անոնց մասին նշմարներ կատարել, իր միւս բարեկամներուն հետ ձեր խօսակցութիւնները իմանալ, նոյնիսկ միջամտել ու մասնակցիլ զրոյցին եւ տակաւին ի՜նչ ուրիշ «իրաւունքներ» պիտի ունենայ… Եւ այս բոլորը ոչ թէ կենդանի-ֆիզիքական ներկայութեամբ,  այլ` համացանցի աշխարհին մէջ: Կը բաւէ, որ արձանագրուիք facebook-ի կայքէջին: Անկէ ետք, համակարգիչին դիմաց նստած` դուք կ՛ունենաք ձեր յատուկ էջը, որ ձեզի չի պատկանիր այլեւս: Անիկա «պատուհան» մըն է, ուրկէ կ՛արտացոլան ձեր անձնական տուեալները, մտածումները, համոզումներն ու նախասիրութիւնները. հոն կ՛ունենաք ելոյթներու, տօներու, տարեդարձներու յուշատետր.  անկէ ձեզի կ՛առաջարկուին ժամանցի բազմատեսակ խաղեր. անոր միջոցով կրնաք ընդլայնել ձեր ընկերային շրջանակը, կրնաք նոր կապ հաստատել մոռցուած ու հին ընկերներու հետ, կրնաք հաղորդակցիլ հեռաւոր հարազատներու հետ… Իրապէս որ ան ձեզ կը դարձնէ աւելի յարաբերող ու հաղորդակից` մարդերու հետ  «կապուելու» տեսակէտէն:

Այսօր երիտասարդութեան համար facebook-ը  դարձած է  իրարու հետ յարաբերելու թիւ մէկ միջոցը: Լուրեր տարածելու դիւրին ու արդիւնաւոր ձեւը: Նոյնիսկ անհատները կազմակերպուած զանգուածի վերածելու, զանոնք ոգեւորելու, ոտքի հանելու եւ ըմբոստացման մղելու կարողականութեամբ նորագոյն ազդակը: Զանազան վայրերու մէջ ուսանողական բողոքի հաւաքներ-ցոյցեր կ՛իրագործուին համացանցային միջոցի ներգործութեամբ: Ահա նաեւ թէ ինչո՛ւ   եգիպտացի ժողովուրդին բողոքի շարժումին ծաւալումը կանխարգիլելու համար  իշխանութեանց առաջին գործը եղաւ համացանցի գիծերը կտրել, որովհետեւ  ստուգուած էր, որ շարժումը ստեղծուած ու աննախընթաց թափ ստացած էր ոչ թէ կուսակցութիւններու կողմէ, այլ` շնորհիւ    facebook-ի:

Ըսինք արդէն, որ ընկերային ցանց ստեղծող մեծագոյն այս կայքէջի առաւելութիւններէն հարիւրաւոր միլիոններով մարդիկ կ՛օգտուին` հոն գտնելով իրենց նախասիրութիւնները  գոհացնող վայելքը: Այսուհանդերձ, յաճախ կը դատապարտուի այն իրողութեան համար, որ  ան անուղղակի ձեւերով ու յայտագիրներով ուրիշներու անձնական տուեալներն ու նախասիրութիւնները տրամադրելի կը դարձնէ գովազդային  հաստատութիւններու, գործարար ընկերութիւններու թէ անհատներու, որոնք ապահով  հասցէներ կ՛ունենան իրենց վաճառելի ապրանքին նախասիրութիւնը ունեցողներուն: Սա կը նշանակէ, թէ կայքէջը իր սկզբնական նպատակէն շեղելով` հետամուտ է շահի, դրամի…: Ներկայիս անոր արժէքը կը գնահատուի շուրջ  15 միլիառ տոլար: Միայն 2010-ին դրամական մուտք ունեցած է  մէկ միլիառ  տոլար:

Ամերիկայի Հարվըրտ համալսարանի ուսանող Մարք Զուքերպըրկ facebook-ի գաղափարը յղացաւ եւ ի գործ դրաւ նախնական այն նպատակով, որ ուսանողները իրարու հետ կապուին ու լուսանկարներ փոխանակեն: Իր այս հնարքը տաղտուկներ ստեղծեց ուսանողական ընթացիկ կեանքին մէջ, քանի որ անով անձնական տուեալներու անձեռնմխելիութիւնը կ՛ոտնակոխուէր, որուն  պատճառով ալ զինք վտարեցին համալսարանէն: Սակայն իր գիւտը կատարելագործելով` այնքան մեծ յաջողութիւն ունեցաւ ան, որ միջազգային հեղինակաւոր «Forbes» տնտեսական հաստատութիւնը զինք հռչակեց «ինքզինք կերտած աշխարհի ամէնէն հարուստ երիտասարդը»: Յաջողութեան բանալին ֆէյսպուքը օգտագործողներուն սիրայօժար կամքն է, որ իրենց մտածումները, զգացումները, նախասիրութիւններն ու լուսանկարները կը բաժնեն ուրիշներու հետ: Պատկերացնենք, որ միայն մէկ շաբթուան ընթացքին շուրջ մէկ միլիառ լուսանկարներ կը բացայայտուին ֆէյսպուքի վրայ…:

Յունաստանի Եգէական համալսարանի կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը հետեւեալ կէտերու մէջ կ՛ամփոփէ անոր ժխտական ու դրական երեսները.

– Երիտասարդներու համար նոր ընկերներ գտնելու ու իրարու հետ յարաբերելու նախասիրուած միջոց է: Աւելի՛ն. իրենց առօրեայ կեանքին մէջ դարձած է բնական ներկայութիւն մը եւ զբաղում մը:

– Աղջիկները կա՛մ պարագայաբար, կա՛մ բազմաթիւ ժամեր կը զբաղին անով: Տղաքը աւելի կախեալ են անկէ:

– Ֆէյսպուք օգտագործող երիտասարներու ծնողները ընդհանրապէս բարձրագոյն ուսման տէր մարդիկ են:

– Աշակերտներու պարագային ֆէյսպուքի վրայ ըլլալը դասերէ փախուստ տալու հաճելի ձեւ մըն է:

– Ֆէյսպուք օգտագործողներ կը նշեն, թէ միեւնոյն հետաքրքրութիւնները ունեցող անձերու միջեւ բարեկամութիւն հաստատելու միջոց մը գտած են: Բայց միաժամանակ կ՛ընդունին, որ այդ բարեկամութիւնը ձեւական է ու մակերեսային, որ պիտի մոռցուի ժամանակի ընթացքին, եւ որ ոչ մէկ պարագայի կրնայ բաղդատուիլ իրական կեանքի բարեկամութեան հետ:

– Պատանի տարիքի օգտագործողներու մօտ կը ստեղծուի մրցակցութիւն, թէ ո՞վ աւելի մեծաթիւ բարեկամներ պիտի ունենայ:

– Ֆէյսպուքի վրայ գործածուող լեզուին մակարդակը շատ հասարակ է` աղքատ բառամթերքով, նոյնիսկ` հայհոյանքներով: Ուղղագրութիւնը կ՛անտեսուի, յաճախ նաեւ լատինատառ երկու լեզուներու խառնուրդ կ՛օգտագործուի շինծու արտայայտութիւններով:

– Օգտագործողներուն մեծամասնութիւնը չի նեղանար ֆէյսպուքի վրայ յանկարծուստ միջամտող գովազդներէն եւ չ՛անդրադառնար, թէ անոնց ետին ու իր կռնակէն ինչպիսի շահեր կը հետապնդուին:

Մեզի` կազմակերպուած սփիւռքի  աշխարհատարած հայերուս համար, կասկած չկայ, որ շահեկան են ու օգտագործելի` համացանցի ընծայած առաւելութիւնները: Ատով  ի վիճակի ենք օրը օրին ու ժամը ժամուն իրարու հետ կապ հաստատելու, լուրեր տարածելու, ազգովին մեր դիմագրաւած խնդիրներուն իրազեկուելու եւ տեսակէտներ փոխանցելու ոչ միայն անհատէ անհատ, այլեւ միութենէ միութիւն, կազմակերպութենէ դէպի անդամ ու համակիր եւ` փոխադարձաբար:

Ժամանակին հետ քայլ պահելը անխուսափելի է եւ հրամայական անհրաժեշտութիւն: Յառաջացած արհեստագիտութեան տրամադրած համացանցային այս նորագոյն հնարքը հնարաւորութիւնը կու տայ մեզի` կապի մէջ մտնելու հասարակութեան ու մանաւանդ երիտասարդ տարրին հետ, անոնց լուրեր փոխանցելու, հայկական մշակոյթը ծանօթացնելու, Հայ դատ արծարծելու, միութենական նախաձեռնութիւններու մասին տեղեկութիւններ տալու կամ պարզապէս ներկայութիւն ըլլալու տեսակէտէն:

Բայց… զգո՛ւշ:

Դրական այս գործունէութեան մէջ անհրաժեշտ է պահել հակակշռուած չափանիշներ եւ ֆէյսպուքին չտալ իր կշիռէն աւելի արժէք: Քարոզչութեան հրաշալի միջոց չնկատել զայն, մեր գաղութներու թուլութիւնը դիմագրաւելու համար անով լուծում մը գտած ըլլալ չկարծել: Խաբկանքը  չունենալ, որ ֆէյսպուքը ամէնէն ազդու ձեւն է հայ երիտասարդներուն մօտենալու եւ զանոնք մեր ազգային-միութենական կառոյցներուն մէջ ներգրաւելու համար: Մտահան չընել ու չանտեսել, որ անոր  անդամ-«բարեկամ»ը ինք կ՛որոշէ, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ տեսնել, կարդալ, իմանալ: Ֆէյսպուքի բազմահազար «բարեկամներուն» մէջէն երիտասարդ-պատանին ուշադրութիւն կը դարձնէ ու «քլիք» կ՛ընէ միայն անոր վրայ, որուն տուեալները ինք կը նկատէ, թէ կը համապատասխանեն իր ճաշակին: Ուրեմն, խորքին մէջ, ֆէյսպուքով ազգային-միութենական կեանքի ներկայութիւն կարելի է տալ ու առօրեային մաս կազմել այն հայ մարդուն ու երիտասարդին, որոնք արդէն իսկ դաստիարակուած են ըստ այնմ, հասակ առած են ազգային շունչով ու ոգիով, եւ որոնց զգայարանքները արթուն են հայ կեանքին դիմաց:

Գլխագիր` Այո՛. արհեստագիտութիւնը բազմապիսի դիւրութիւններ կ՛ընծայէ, բայց նաեւ գլխագիր` Ո՛չ. անիկա չի կրնար փոխարինել ընտանիքին, դպրոցին ու կազմակերպութեանց միջավայրի մէջ կենդանի շունչով փոխանցուած դաստիարակութիւնը:

Ծանօթ.-  Թիւերու տուեալները քաղուած են «Թայմ»էն:

ՆՈՐԱ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ-ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES