Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Ֆ ԵԱ ԼՈՒՊՆԱՆ, Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Ֆ
Սիրելի եւ համակրելի ընթերցող,
Բարեւ ի խորո՜ց սրտի: Վստահաբար կարօտցար սրտի եւ հոգիի խորերէն արձակուած օ՜օ՜օ՜ֆ քաշելուս: Երբ ամիսներէ ի վեր մեր ողբասացութիւնը չես լսած, վստահաբար պակաս բան մը կը զգաս: Մե՜ղք ես, ընթերցող ջա՛ն: Լիբանանի վրայ քաշենք անվերջանալի օ՜օ՜օ՜ֆ մը, որ կարենանք քիչ մը մեր հոգիներէն արտաքսել ճնշում եւ դառնութիւն: Այլ ելք չկա՛յ, ցաւ ի սի՜րտ:
Ահաւասի՛կ, դարձեալ լիբանանեան ֆոլքլո՜ր է, Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ: Դահլիճ կազմելու համար իրար անցած ենք. կը սպասենք ու կը սպասենք: Բայց կարելի չէ ընդունուած կարգ-կանոնը անտեսել` Օ՜Օ՜Օ՜ֆ ու Օ՜Օ՜Օ՜ֆ: Պիտի երթան ու գան մեր թանկագին քաղաքագէտները. պիտի նզովեն զիրար. ինքնասրբացման եւ ինքնահիացման փոխասացութիւններ պիտի լեցուին մեր ունկերէն, աչքերէն ներս: Մինչեւ յղփացում, արբեցում` պիտի ստանանք դառնա¬քաղցր պատգամներ, որոնք ո՛չ փոր կը լեցնեն, ո՛չ ալ հագուստ կապուստ կը գնեն, ո՛չ ալ դպրոցական թոշակ կը վճարեն: Ամէն կողմ անպարտութեան խաչին կը գամէ դիմացինը, մինչ ինքզինք կը բարձրացնէ երկինքի առաջին կամ երկրորդ յարկը… Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Դահլիճի կազմութեան այս ֆեսթիւալ¬քարնաւալային մթնոլորտին մէջ, երբ տակաւին լիբանանցի քաղաքացին կ՛երազէ ելեկտրականութիւն տեսնել, ծորակէն հոսող ջուր խմել, մեր քաղաքագէտները կը շարունակեն հաւաքական թէ անձնական եալէյլներ երգել… Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Մէն մի թեկնածու (բոլոր քաղաքագէտներն ալ թեկնածու են, նոյնիսկ երբ կը մերժեն դահլիճին մաս կազմել) իր սրտին եւ ուղեղի ծալքերուն մէջ կը շարունակէ երգել, ախ ըլլայի՜, ըլլայի՜, ե՛ս ալ նախարար ըլլայի... Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Մին կ՛ըսէ. «Ախ ըլլայի, ըլլայի, ներքին գործոց նախարար ըլլայի»:
Երկրորդը կը մրմնջէ. «Ախ ըլլայի, ըլլայի, ելեւմտական նախարար ըլլայի»:
Երրորդը կը տենչայ ու կը տուայտի` երգելով. «Ախ ըլլայի, ըլլայի, առեւտուրի նախարար ըլլայի…»:
Քանի՛ նախարարութիւն` այնքան ըլլայիներ, անշուշտ` թեկնածուներու թիւովը բազմապատկուած: Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Սա կողմը մի միայն ի՛ր սրտի փափաքներու եւ իղձերու կատարումով կը տեսնէ երկրի եւ ժողովուրդի փրկութիւնը:
Նա կողմն ալ մի միայն ի՛ր սրտի փափաքներու եւ իղձերու իրագործումով կը տեսնէ երկրի եւ ժողովուրդի փրկութիւնը:
Իւրաքանչիւրը կ՛երգէ. «Անա, անա ուալ պաքի խասս…»:
Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ…
Եթէ ո՛չ ես, ապա չի՜ք ժողովրդավարութիւն… եթէ ան, ողբա՜մ զքեզ Լիբանան… Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Ֆ
Մաղթենք, որ վարչապետութեան մեր համակրելի եւ չինարի պոյով թեկնածուն կարենայ ծփալ եւ լողալ այսքան անլուծելի հարցերով ապականեալ ծովուն մէջ… Օ՜Օ՜Օ՜Ֆ: Աստուծմէ խնդրելու է, որ փրկէ զինք սիրողներուն պահանջներէն: Չսիրողները այնքան ալ չեն կրնար խոչընդոտել… Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ…
Մանրադիտակային երկրին մէջ գէթ միլիառներով մանր¬մունր մուպարաքիկներ, քազզաֆիկներ կամ պըն ալիկներ, Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ…
Մինչ ովկիանոսէն (Ատլանտեան) մինչեւ Ծոց (արաբական) գահեր կ՛երերան, պաշտելի՜ նախագահ-արքաներ կը սահին մոռացութեան գիրկը եւ կը յիշուին միմիայն իրենց վատ արարքներով, հոս` Լիբանանի մէջ կը շարունակենք լսել նոյն յանկերգները (անա, անա, անա…) մեր թանկագին ու արեւիկ ղեկավարներէն կամ ասոնց ժառանգորդներէն ԱՅԼ ԲԱՆ չի լսուիր` բացի ԵՍ ՈՒ ԵՍԷՆ… Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ…
Խաղաղականի ամեհի մոլուցք-ցունամին ոչի՜նչ, մեր մօտ կը շարունակուի ԵՍ¬ի ու քաղաքականութեան ցունամին. Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ: Մենք վարժ ենք ինքնաստեղծ մարդկային ցունամիներու: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ…
Մեր երկրի տնտեսութիւնը կը գոյատեւէ, հակառակ ամէն բանի, Օ՜Օ՜Օ՜Ֆ: Շատը` քիչին, քիչը` շատերուն, Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ…
Սա մարտական փոթորիկն ու ձիւնը, որոնց կը սպասէինք իբրեւ օրհնութեան, իրենց ետին կը թողուն աւեր, թափած նարինջ ու կիտրոն եւ անկեալ պանանի ողկոյզներ, պատռտած ուռկաններ, յորդած արտեր… Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Վաղը չցանողներ, հողէ հեռու կանգնած մարդիկ, ճարպիկութեամբ ու հնարամտութեամբ եւ զօրաւոր կռնակներով, կը ստանան բնութեան պատճառած իրենց «չունեցած» կորուստներու հատուցում` մեր սնանկ պետութենէն, Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ…
Դեղ ու դարմանի ճարպիկորդի ասպետներ մէկի կը գնեն եւ հարիւրի կը ծախեն. Չինաստանը Լիբանանի կը վերածեն ու մեզի կը ծախեն. նոյն «դեղով» եւ խոտերով (պարզապէս ամանը փոխելով) նիհարը սոնքացնող, պարարտ¬սոնքը նիհարցնող «մասնագէտներ»ը (փայլաւան). յատկապէս փոքր պաստառները կը խճողեն, ըստ պատշաճի թատրոն ներկայացնող բեմադրիչ¬«բժիշկներ», գերազանցօրէն կը յաջողին մեր ֆլուսները ներծծել… Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Կը շարունակեն մեզի սփռել, գիշեր թէ՛ ցերեկ, օրուան 24-ի վրայ 24, շաբաթական 7-ի վրայ 7, միջազգային դատարանի օփերան: Ոմանք անոր մէջ կը տեսնեն փրկութի՜ւն, արդարութի՜ւն, ճշմարտութի՜ւն եւ երանաւէտութի՜ւն, Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Դիմացէն կը հրամցուի համերգը «սուտ վկաներ»ուն: Նոյն եղանակով, տարբեր երանգներով կը հրամցուին համերգին բոլոր երգերը: Հին աղանդաւորներուն պէս, կը նզովուին Զուհէյր Ստտիքն ու մնացեալ աղանդաւոր սուտուփուճ սատանայակա՜ն ասպետները: Ասոնց համար արդէն իսկ ապահովուած են դժոխքի ամէնէն տաք անկիւնները: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ…
Ուիքիլիքսեան լիբանանեան շարահիւսութիւններ, ո՜վ կրնայ ըսել սուտ թէ իրաւ, կը խճողեն մեր առօրեան: Ի՞նչ ըսել, որո՞ւ հաւատալ: Հերոսներ կը նսեմացուին, նսեմներ կը հերոսացուին: Թաաի՜շ, թսլա՛մ «հաքիքալիքս»… Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Միջազգային դատարանը, ամէն հանգրուանի, կը ծանուցանէ ամբաստանագրի մօտալուտ արձակումը: Սա կողմը ա՜խ կը քաշէ սրտի խորերէն. կ’աղօթէ անոր արագ գալստեան, կը սպասէ նման երկնային մանանայի կամ կրօնական բարձրագոյն հրովարտակի, Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Նա կողմը ակնդէտ կը սպասէ: Կը մաղթէ, որ բաժակը հեռացուի իրմէ եւ Լիբանանէն: Դատարանը քաղաքականացուած կ՛որակէ: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Մինչ այդ լիբանանցիէն կը պահանջուի նստած մնալ դամոկլեան սուրին տակ ու ապրի՜լ, խօսիլ ու խնդալ, երգել ու պարել, թաաիշ պոռալ ու կանչել: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Եթէ ամբաստանագիրը պատրաստ է, ապա ինչո՞ւ կը պահանջուին 4,000,000 մատնահետքեր… Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Այսօր կը սպասուի Նահատակաց հրապարակին վրայ միլիոնանոց ցոյց: Մին կը հաւատայ, միւսը կը ժխտէ: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ: Նահատակներուն դրամագլուխի սակարանին մէջ անկումը զգալի է: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Մեր հրապարակներէն արտաքսուած են օծանելիքներու, սիրուած երգիչ¬երգչուհիներու եւ զանազան ծանուցումներ: Կը տեսնենք, կարդալ կը ստիպուինք «Լա, լա լա …»ի մեծ թէ փոքր պաստառներ:
Սա կը մեղադրէ դիմացինը` հոգատարութեան փէշին տակ մտնելու մտադրութեամբ: Դիմացի կողմը առաջին կողմը արդէն իսկ մտած կը տեսնէ «փռանգի» (Սայար նովերէնով` եւրոպացի կամ արեւմտեան) դեսպան մատամներու փէշերուն տակ: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ…
– Մենք մուքաուամէ…
– Մենք ենք բուն մուքաուամէն,¬ կ’արձագանգեն դիմացէն:- Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ։
Դիմացինին զէնքը կը մերժուի, կը նզովուի: Սեփական զէնքին մասին բան չ՛ըսուի՛ր… Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Սէուտական երանաւէտ թագաւորութեան մէջ ցոյցեր, Աստուծոյ հրամանով, կ’արգիլուին: Մեր մօտ նոյն արքայութեան սրտամօտիկ դաշնակից¬ասպետներ միլիոնանոց ցոյց կը ջանան սարքել: Ալլահը ի՞նչ կ’ըսէ: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ: Ինչպէ՞ս կ’արտօնուի թագաւորին մեծադիր նկարին տակ ցոյց ընել Նահատակաց հրապարակին վրայ:
Անգործութիւնը գլուխն առած կ՛երթայ…
Սղութիւնը ամսէ ամիս, նոյնիսկ շաբթէ շաբաթ կը զարգանայ, կ՛աճի ու կը գոռոզանայ: Սղցնողն ի՛նչ կ՛ընես ըսող չկայ: Լիբանանցիներ կը կքին ատոր ծանր բեռան տակ: «Քիչ» կուսակցութեան անդամներուն փոյթը չէ. դալար ու այլ մամոնան հարց չէ իրենց համար: Մնացեալն ալ կը նզովէ, կը գանգատի ու կը ճչայ, բայց կը ջանայ միւսին` հարուստին, նմանիլ: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ։
Վառելանիւթը, ա՜խ, կ՛այրի ու կ՛այրէ: Գրպաններէն կը ներծծէ տոլար-լիբանանեան: Ինք կը դառնայ մուխ ու ծուխ: Բայց շարժման մէջ կը դնէ մեզ: Մենք օրն ի բուն կը գանգատինք ու կը ճչանք: «Դիմանալիք չէ», կ՛ըսենք, բայց օրն ի բուն կ՛երթեւեկենք ու քալելը կը մոռնանք: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Մուղթարեպները յաճախ կը ստիպուին մայր հայրենիք վերադառնալ` որպէս աքսորական կամ դատապարտեալ: Կու գան տնանկ եւ կ՛ուռճացնեն շարքերը անգործներուն: Է՜հ, դուրսի երկիրներուն մէջ այնքան ալ սիրուած չեն յաճախ մեր շեպապները… Կա՛մ այդ երկիրներուն մէջ բնիկ մարդիկ կը սորվին ու կը ճարպիկնան եւ կա՛մ երկիրները տակնուվրայ կ’ըլլան: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Մեր երեսփոխան էֆենտիները, որոնք ձեռք¬ոտք համբուրելով` գրաւած էին իրենց աթոռները, իրենք զիրենք կը մատնեն «անգործութեան»: Չըսենք` կը ծուլանան եւ սեփական պիզնեսի ետեւէն կ՛իյնան: Բայց կը «զիջին» գանձել տասնեակ միլիոններու հասնող իրենց համե՜ստ ամսականները… Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ
Նախարար էֆենտի «մաալիներ»ը, մե՜նք չենք, կ՛ըսեն. պատասխանատու չենք կ՛ըսեն. բայց չեն ալ ուզեր հեռանալ թաւշեայ բազկաթոռներէն: Բան չեն աշխատիր, բայց իրենք եւս կը բարեհաճին վայելել նախարարական «մանր¬մունր» շնորհնե՜ր… Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Խայտաբղէտ գուշակներ, Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Մեկնաբաններ նորաթուխ կամ նորագիւտ, Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Ասոնց հրամցուցած «զգայացունց ու նոր», բայց այլեւս դդումի համ տուող տափակ ելոյթներ… Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՛ծ իմ… Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Թուրքը ծեքծեքելով, «եաւրում-փաշա» կրկնելով` կը ջանայ գրաւել համակրանքն ու սրտերը լիբանանցիին: Քաղաքագէտին տոլար, հասարակութեան աժանագին հագուստ-կապուստ, վաւաշոտին ծովեզերեայ վայելքներ: Կը ջանայ խալիֆայութի՜ւն վերականգնել: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Լիբանանցին կը յօժարի թրքական ժապաւէններով իր դերասան-դերասանուհին, բեմադրիչն ու ֆիլմարտադրողը անգործութեան մատնել: Շատ հայորդիներ թրքական թարգմանուած կամ «մայր» լեզուով ժապաւէններու յառաջապահ հանդիսատես ըլլալով` կ՛ըմբոշխնե՜ն աճըլը, չըլլալիք եւ անբարոյ այդ երիզները: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Այլեւս աւարտին հասաւ խոստացուած ցոյցը: Բոլոր լիբանանցիները ուրախ են. շա՛տ ապրին: Ցոյցին տէրերը կը յայտարարեն, կ՛ուզեն հաւատալ եւ հաւատացնել, որ միլիոնանոց էր հաւաքը: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ: Դիմացիններն ալ կը հաւատան, որ հարիւր հազարի իսկ չէ հասած թիւը: Տեսակ մը` լա ղալեպ ուալա մաղլուպ: Մեր կողմէն մապրո՜ւք ըսենք բոլորին: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ:
Մեր երիտասարդ, բայց արդէն իսկ նախկին դարձած վարչապետը մենամարտի իջնողի ախորժակով բեմ բարձրացաւ: Կ՛ըսեն, որ Ամերիկայի թիւ մէկը կապկել ուզեց: Է՜հ, այդ ալ բան մըն է: Միայն քանի՜-քանի՛ ամիս պիտի տեւեն քաշքշուքները: Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜ֆ ԵԱ ԼՈՒՊՆԱՆ…
ՁԻՒՆԱԿԱՆ