ՄԻՆՉԵՒ 15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հերթական այցելութիւնը կ’իրականացնեն շրջան: Այս մասին կը տեղեկացնէ SalamNews–ը` վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւրներ:
Այցելութեան ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ մինչեւ 15 սեպտեմբեր, համանախագահները պիտի հանդիպին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուի ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթը:
Համանախագահները պիտի այցելեն նաեւ Ստեփանակերտ, ուր հանդիպում պիտի ունենան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին հետ:
CATEGORIES Հայկական