«ԲԱՆԱԿԸ ԹԻՐԱԽ ԴԱՐՁՆՈՂՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԻՐԵՆՑ ՀԱՇԻՒՆԵՐԸ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն զարմանք յայտնեց, որ լիբանանցի մը թիրախ դարձնէ լիբանանեան բանակը, որովհետեւ բանակը բոլոր լիբանանցիներուն ապահովութեան ծառայող զինուորական հաստատութիւն մըն է:
«Հետեւաբար, լիբանանեան բանակը այն հաստատութիւնն է, որ մեզ բոլորս կը պաշտպանէ: Ի՞նչ պիտի կարենայինք ընել առանց բանակի մը, որ կը պահպանէ երկիրը եւ լիբանանցիներուն ազգային միասնականութիւնը», հարց տուաւ Ղոսըն:
Պաշտպանութեան նախարարը կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը քննադատական յայտարարութիւններով թիրախ դարձնողներուն, վերատեսութեան ենթարկելու իրենց հաշիւները եւ նկատի ունենալու, որ բանակն է այս երկրին պաշտպանը:
CATEGORIES Լիբանանեան