ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՆԵԼԼԻՆ
Փոխվարչապետ Սեմիր Մուքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն կ՛ընկերակցէր անոր խորհրդականներէն Ռոպերթ Մակուչեանը:
Հանդիպումին ընթացքին Քոնելլի Մուքպելի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ Քոնելլի փոխվարչապետին հետ քննարկած է երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին Քոնելլի շեշտած է Լիբանանի միջազգային յանձնառութիւնները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծած, որ Ուաշինկթըն նախանձախնդիր կը մնայ անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը պահպանման:
CATEGORIES Լիբանանեան


