ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԼԻԲԱՆԱՆ երկրորդ անգամ ըլլալով ստանձնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը:

ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ սակերը արձանագրած են նուազում մը: Այս առումով պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին հրաժարելու իր պաշտօնէն, եթէ ան չկարենայ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին անհրաժեշտ ֆինանսաւորումը ապահովել:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ծիրին մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ ինք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը զգուշացուցած է Լասայի հարցին քաղաքական օգտագործումէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ներկայութիւնը կարեւոր է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, հարաւային Լիբանանը այս ամիս կը գտնուի վտանգի օղակի մը մէջ:

ՄԵԾՆ Բրիտանիոյ մէջ ապրող լիբանանցի շէյխ Մայմուն Զարզուր երէկ Լոնտոնի մէջ սպաննուեցաւ անծանօթի մը կողմէ իր ուղղութեամբ արձակուած փամփուշտով: Շէյխ Զարզուր 40 տարեկան է եւ ծնած է Իքլիմ Խարրուպի մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ այս ամսուան աւարտին Հարիրի պիտի վերադառնայ Պէյրութ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին հետեւանքները մօտիկ ապագային շօշափելի պիտի դառնան Լիբանանի մէջ: Նիքոլա հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը պառակտելու որեւէ փորձ երկրին դէմ գործուող ոճիր մըն է` շեշտելով, որ բանակը եւ անոր հրամանատարութիւնը կասկածի տակ առնող ոեւէ անձ պէտք է հաշուետուութեան կանչուի եւ պատժուի:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ այցելեց Սուէյտա, ուր հաստատեց, որ Սուէյտա մեծ ճիգեր թափած է Սուրիոյ հիմնումին առումով` շեշտելով, որ Սուրիոյ դէմ բռնարարքներու դիմելու մասին մտածող բոլոր կողմերուն հաշիւները սխալ են, որովհետեւ Սուրիան Լիպիա, Թունուզ կամ այլ վայր չէ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը շրջանին մէջ լաւագոյնն է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան երկարաձգումը համազօր է հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան պահպանումին:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապին լուծման առնչութեամբ տարակարծութիւնները կը մնան նոյնը` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը այս իմաստով իր կեցուածքներէն պիտի չշեղի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ  անհրաժեշտ է կառավարութեան աշխատանքներուն մէջ բարեկարգումներ կատարել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Զիատ Ասուատ ընդգծեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վաւերացման հարցը թեքնիք չէ` աւելցնելով, որ այդ քաղաքականութիւնը կը միտի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի քաղաքականութիւնը շրջափակել:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ վերանորոգում շարժումի նախագահ, նախկին նախարար Նեսիպ Լահուտ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ Սուրիա կ՛ենթարկուի արշաւի մը, որուն նպատակն է տկարացնել զայն. Ան շեշտեց, որ Սուրիա նախագահ Պաշշար Ասատի գլխաւորութեամբ շատ աւելի հզօր դուրս պիտի գայ իր դէմ գործուած ներկայ դաւադրութիւններէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES