ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆԸ` ՄՏԱԾՈ՛Ղ, ՓԱՓԿԱՆԿԱ՛Տ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՍԷ՛Ր…

Սիրելի՛ ընթերցող, միութենականը, որ հարազա՛տ միութենականն է, մտածող, փափկանկատ եւ ընկերասէր ըլլալու է միշտ:

Ցայսօր ծառայութեանս գլխաւոր պաշտօնավայրերն եղան` Վիեննա, Լոս Անճելըս, Պէյրութ եւ Այնճար, որոնց մէջ անկարելի է երեւակայել իսկ հայ կեանքին բարգաւաճումը եւ գոյատեւումը` առանց հայկական միութիւններուն, առանց միութենականներուն:

Այս քաղաքներուն մէջ ապրեցայ եւ գործեցի զանազան միութիւններու անդամ-անդամուհիներու հետ. ուստի, խօսքս տարիներու փորձառութենէն գրի առնուած խօսք է, որ կ՛ուզէ սթափեցնել եւ անդրադարձնել, ինչպէս ալ` արժեւորել ու գնահատել:

Սթափեցումիս եւ անդրադարձումիս, արժեւորումիս ու գնահատումիս ելակէտն է Յիսուս` բոլոր ժամանակներու Մարդաճանաչը, Հոգետեսը, Դաստիարակը, Ընկերայինը: Անոր առաքելաջան կեանքէն քեզի պատմեմ դրուագ մը, որ զիս կը ցնցէ ամէն կարդալուս:

Ժողովուրդին «կուռքն» էր: Ամէն տեղ եւ ամէն ատեն կը շրջապատուէր ամբոխէն, որուն, սակայն, շատ չէր վստահեր Աստուածային Մարդասէրը, քանի լաւագոյնս գիտէր յողդողդ մարդերու սրտերն ու մտքերը:

Օր մը, երբ առաքեալները վերադարձած էին քարոզութենէն եւ ամէն բան ուրախութեամբ պատմած էին իրենց Վարդապետին, Յիսուս առաջարկեց. «Եկէ՛ք առանձին, ամայի տեղ մը եւ հանգիստ ըրէ՛ք» (Մրկ. 6,31):

Վարակիչ ըլլալու են ոեւէ մեծաւորի կամ պատասխանատուի մը համար (աշխարհակա՛ն ու կղերակա՛ն) Քրիստոսի խանդաղատանքն ու հոգատարութիւնը` նկատմամբ իր հպատակներուն, գործակիցներուն եւ աջակիցներուն:

Նաեւ ա՛յս մտածելաձեւին ու վարուելակերպին մէջ կը կայանայ Աստուածայինին մարդկայնականութիւնը, որուն օրինակը եւ դասատուն է Աստուածամարդը:

Յիսուս տեսած էր իր առաքեալներուն բազմազբաղութիւնը, այնքան, որ անոնք «կերակուր ուտելու ժամանակ չունէին» (Մրկ. 6,31): Ուզեց, որ հանգստանան եւ ժամանցեն հանդարտութեան մէջ:

Սակայն ժողովուրդէն հազարաւորներ, հասկնալով Քրիստոսի կարգադրութիւնը, կանխեցին առաքեալները` անոնցմէ առաջ հասնելով անապատ տեղ մը, ուր Յիսուս ստիպուեցաւ կատարել հացերու եւ ձուկերու բազմացումին առաջին հրաշքը (Մտթ. 14,13-21):

Կրնա՞նք մտաբերել յոգնութիւնը արդէն շատ խոնջած առաքեալներուն եւ աշակերտներուն, որոնք կազմակերպեցին անօթի հինգ հազար մարդերու կերակրումը:

Յիսուս` Ամենագէտը ոչ թէ մտաբերեց, այլ տեսաւ իր աջակիցներուն ուժասպառութիւնը:

Մտաբերածէն ու տեսածէն անցաւ գործի. «Յիսուս անմիջապէս հրամայեց աշակերտներուն, որ նաւակ ելլեն եւ զինք կանխեն դիմացի ափը®, մինչեւ որ ինք արձակէր ժողովուրդը: Ժողովուրդն արձակելէ ետք, լեռ գնաց աղօթելու» (Մրկ. 6,45-46):

Այս մարդկայնական ու նրբանկատ վարմունքով Յիսուս, որ անհաւասարելի Դաստիարակն է իր հետեւորդներուն, որոնց շարքերէն ըլլալ կ՛ուզենք, կը ներկայանայ իբրեւ տիպարը այն միութենականին, որ մտածող է, փափկանկատ եւ ընկերասէր:

Յիսուս ի՛նք ալ յոգնած էր եւ պէտք ունէր հանգիստի ու դադարի, բայց գերադասեց աշակերտներն` իր անձէն ու նախադասեց անոնց յոգնութիւնն` իր պարտասումէն: Վերջին կատարուելիք մեծ աշխատանքը չձգեց անոնց: Կրնար, բայց չըրաւ: Ի՛նք կատարեց:

Յիսուսի` Միութենականի՛ն, Մտածողի՛ն, Փափկանկատի՛ն եւ Ընկերասէրի՛ն հրաւէրն է բոլոր միութենականներուն, որ մտածող, փափկանկատ եւ ընկերասէր ըլլա՜ն ու մնա՜ն իրենց միութիւններու անդամ-անդամուհիներուն հանդէպ:

Փնտռե՜ն եւ ուզե՜ն հանգիստն ու թեթեւութիւնը իրենց միութենակիցներուն:

Մրցակցի՜ն այս կամ այն ձեռնարկին գործերը միասնակա՛ն եւ հաւասա՛ր կատարումով:

Մտածե՜ն թեթեւցնել իրարու` իրենց միութիւններուն պարտաւորութիւնները:

Չմոռնա՜ն, որ բոլորը կամաւորներ են, սիրայօժարներ ու ծառայասէրներ®:

Սակայն, ուշադրութի՛ւն: Յիսուսի տուած օրինակէն առաջնահերթութիւնն ա՛յս է, որ լռասիրութիւնն ու աղօթքը ղեկավարե՜ն միութենականներուն կամաւորութիւնը, պատրաստակամութիւնն ու ծառայութիւնը:

Սորվի՜ն չխօսիլ իրենց անձերուն եւ ըրածներուն վրայ: Լռասէր միութենականը կը կենցաղավարի Յիսուսի պէս, որ թմբկահարեց ո՛չ ինքզինքը եւ ո՛չ իր աշխատանքը:

Ու մանաւանդ աղօթե՜ն իրարու համար: Աղօթասէր միութենականը կը գործէ Քրիստոսի նման, որ իր հասարակական գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը կապեց աղօթքին:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար, 29 օգոստոս 2011

Share this Article
CATEGORIES