ՎԱՆ ՏԵՐ ՎԱԱՐԹ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՎԵՑ ՇԱԲԱԹ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ԴԱՇՏԵՐԷՆ
Հոլանտացի միջազգային միջնապահ Ռաֆայէլ Վան տեր Վաարթ աւելի քան վեց շաբաթ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց անոր ակումբին` Թոթենհամի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը: Ան վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթ` Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Փրեմիեր լիկ»):
28 տարեկան Վաարթ, որ նախանցեալ ուրբաթ օր բացակայեցաւ Սան Մարինոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն (Եւրօ-2012), պիտի բացակայի նաեւ վաղը` երեքշաբթի օր Ֆինլանտայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն:
CATEGORIES Մարզական


