ԵՒՐՕ-2013. 21 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՆՏՈՐՐԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ` 0-1
Հայաստանի եւ Անտորրայի ազգային հաւաքականներուն (Եւրօ-2012) միջեւ տեղի ունեցած մրցումէն մէկ օր ետք, շաբաթ, 3 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու երիտասարդներուն (21 տարեկանէն վար) մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրօ-2013-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Դաշտին տէրերը, որոնց պաշտպանողական գիծը բաւական զօրաւոր էր, ի վերջոյ տեղի տուին հայրենի մարզիկներուն կողմէ կազմակերպուած յարձակումներուն դիմաց, երբ 85-րդ վայրկեանին Վալթեր Պօղոսեան նշանակեց Հայաստանի եւ մրցումին միակ կոլը:
Ա. կիսախաղին յիշատակելի էր Յովհաննէս Համբարձումեանի կողմէ ստեղծուած առիթը, որ դպաւ Անտորրայի բերդին սիւնին:
Բ. կիսախաղին Յովհաննէս Յովհաննիսեան կորսնցուց կոլ նշանակելու ստոյգ առիթ մը, երբ առանձին մնաց բերդապահին հետ, առանց սակայն ցնցել կարենալու անոր բերդին ուռկանը:
Այսպիսով, Հայաստան յաջողեցաւ արձանագրել իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը եւ ապահովել առաւելագոյն վեց կէտը:
Մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեանի կազմը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 6 սեպտեմբերին` Չեխիոյ դէմ: