ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ՎԻՔ ԴԱՐՉԻՆԵԱՆ ՅԱՐԳԵՑ ԻՐ ԽՈՍՏՈՒՄԸ

Շաբաթ, 3 սեպտեմբերին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ արհեստավարժ կռփամարտի IBO-ի աշխարհի ախոյեանութեան գօտիի համար ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ յանդիման եկան WBA-ի եւ WBC-ի աշխարհի ախոյեան Վիք Դարչինեան եւ այդ տիտղոսին պարտադիր թեկնածու, հարաւային ափրիկեցի Իվընս Մպամպա:

Հակառակ անոր որ Վիք Դարչինեան իր համակիրներուն խոստացած էր իր մրցակիցին յաղթել նաք-աութով, սակայն Իվընս, հակառակ իր ստացած բազմաթիւ հարուածներուն, յաջողեցաւ ոտքի մնալ մինչեւ ճակատումին աւարտը:

Դարչինեան ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց եւ բաւական չարչարելէ ետք իր մրցակիցն ու բոլոր 12 ռաունտերուն ալ տիրապետելով անոր վրայ, տարաւ վերջնական յաղթանակը` յարգելով իր այն խոստումը, թէ պարտութեան պիտի մատնէր իր մրցակիցը:

Ան իրաւարարներէն ստացաւ հետեւեալ արդիւնքը. 119-107, 120-107 եւ 120-107:

Մարզահամալիրը ամբողջութեամբ լեցուն էր Դարչինեանի համակիրներով, որոնք անընդհատ կը քաջալերէին հայ կռփամարտիկը:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Դարչինեան զայն նուիրեց Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին:

Աւարտին, ան միջազգային իրաւարարներէն արտօնութիւն խնդրելով իր տիրացած ախոյեանութեան գօտին նուիրեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որ ներկայ էր այս ճակատումին:

Իսկ 2008 տարուան «Ամէնէն զօրաւոր նաք-աութ» մրցանակը ան նուիրեց Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին:

Նախքան իր այս տիտղոսները Սարգսեանին եւ Ծառուկեանին նուիրելը, Դարչինեան ռինկին վրայէն կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Թէեւ բազմաթիւ տիտղոսներու տիրացած եմ, սակայն նպատակս Հայաստանի մէջ յաղթել էր եւ ես յարգեցի իմ տուած խոստումս, ինչ որ անկասկած կը պարտիմ ներկայ գտնուող իմ համակիրներուս:

 

 

Share this Article
CATEGORIES