ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

Նախարար Յակոբեան իր խօսքը կ՛ուղղէ հանդիպումին ներկայ գտնուող լրագրողներուն

Շաբաթ, 3 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ կայացաւ հանդիպում մը` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ Միջին Արեւելքի լրագրողներուն միջեւ:

Հանդիպումը կը միտէր անդրադարձ մը կատարել նախորդ տարի Ստեփանակերտի մէջ կայացած լրագրողներու խորհրդաժողովէն բխած բանաձեւերու գործադրութեան եւ մտահոգութիւններու փարատման միտող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնել Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուական դաշտերուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց նախարար Յակոբեանի այցելութիւնը Լիբանան` անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ այս ուղեւորութիւնը կը կրէ շրջանային բնոյթ եւ կը միտի մշակուած ծրագիրներու գործադրութեան ընթացքի հետապնդումներ կատարել: Դեսպանը նկատել տուաւ, որ նախորդ տարի Ստեփանակերտի մէջ կայացած խորհրդաժողովով աւելի եւս շեշտուեցաւ լրատուամիջոցներուն դերակատարութիւնը, որուն ամրապնդման համար անհրաժեշտ է տարբեր կողմերու միջեւ համագործակցութիւնը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին առիթով ան շնորհաւորեց ներկաները` վեր առնելով այս անկախութեան կարեւորութիւնը համայն հայութեան համար:

Ապա խօսք առաւ Լրատուամիջոցներու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Շահան Գանտահարեան, որ դիտել տուաւ, թէ նախորդ տարուան խորհրդաժողովը կարեւոր ու յատկանշական էր յատկապէս այն իմաստով, որ ներկայիս թրքական ու ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան  արշաւին դէմ դնելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կանգնած ենք, ուստի կարեւոր է տարբեր լրատուամիջոցներու միջեւ կապերը ամրապնդել եւ այս իմաստով հետեւողական ըլլալ: Անոր համաձայն, այս խորհրդաժողովին արդիւնքները արդէն իսկ սկսած են ակնյայտ ըլլալ, որովհետեւ զգալի է, թէ Հայաստանի լրատուամիջոցներուն կողմէ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն նկատմամբ յաւելեալ հետաքրքրութիւն յառաջացած է, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ օրաթերթերէն արտատպումները աւելի յաճախակի դարձած են:

Ապա ան ընթերցեց խորհրդաժողովի բանաձեւերը:

Անկէ ետք խօսք առաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ իր կարգին յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ Լրագրողներու 5-րդ խորհրդաժողովին կարեւորութիւնն ու ազդեցիկութիւնը` դիտել տալով, որ ցարդ Հայաստանի  եւ սփիւռքի համաժողովներուն մեծամասնութեան նկատմամբ վստահութիւն ու հաւատք գոյութիւն չունէր, որովհետեւ անոնցմէ բխած առաջադրանքները հետապնդելու հոլովոյթ չկար: Անոր համաձայն, վերջին երեք տարիներուն ընթացքին այդ կացութիւնը փոխուած է, որովհետեւ սփիւռքի նախարարութիւնը իր առաւելագոյնը կը կատարէ, որպէսզի հարցերը հետապնդուին, լուծումներ կարելի ըլլայ գտնել եւ գործադրել: Ան յատուկ կերպով յիշեց լրագրողներու վերջին խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 200 լրագրողներ, եւ որ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ:

Այս խորհրդաժողովը հիմք ունենալով` սփիւռքի նախարարը թուարկեց այն դժուարութիւնները, որոնք այսօր առկայ են յատկապէս սփիւռքի լրագրական մարզին մէջ` անդրադառնալով այդ մարտահրաւէրներուն յաղթահարման նպատակով տարուած ու տարուելիք աշխատանքներուն: Ան նշեց, որ թէեւ այսօր շուրջ 250 տպագիր թերթեր ու ամսաթերթեր կը գործեն սփիւռքի տարածքին, սակայն անոնք տարբեր տեսակի դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին, որովհետեւ կայ լեզուի պահպանման հարց, մարդուժի հարց, համացանցային լրատուամիջոցներու ողողման պարագայ: Այս իմաստով ան դիտել տուաւ, որ արդէն նախարարութիւնը կարգ մը ծրագիրներու նախաձեռնած է, գործադրած է երիտասարդ լրագրողներու պատրաստման դասընթացքներ, երիտասարդ առաջնորդներու դպրոց եւ այլն: Հ. Յակոբեան նշեց, որ անհրաժեշտ է շարունակել նման ծրագիրներ` աւելի զարգացնելով զանոնք եւ ընդարձակելով մասնակիցներուն ծիրը, որովհետեւ այսօր շատ կարեւոր է մարդուժի պատրաստութիւնը` ներկայ գործող սերունդը փոխարինողներ ունենալու առաջադրանքով:

Սփիւռքահայ լրատուամիջոցներուն հետ համագործակցութեան մասին խօսելով` նախարար Յակոբեան դիտել տուաւ, որ անիկա բաւական դրական եւ արդիւնաւէտ է, որովհետեւ կարելի եղաւ արդէն ծանօթութիւններ հաստատել, զիրար ճանչնալ, վստահութիւն ձեւաւորել, գործակցութեան նորանոր հորիզոններ բանալ:

Նախարարը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի համար սփիւռքը արդէն մնայուն ներկայութիւն է, բոլոր ծրագիրները արդէն համահայկական դարձած են, աշխատանք կը տարուի եւ պէտք է տարուի տարբերութիւնները յարգելով հանդերձ հասարակաց եզրեր գտնելու եւ զարգացնելու, որպէսզի Հայաստանի, նաեւ սփիւռքի տարբեր գաղութներէն իւրաքանչիւրին ունեցած իւրայատկութիւնը համագործակցութեան ի վնաս չըլլայ, անոր դէմ իբրեւ պատուար չկանգնի:

Ապա սփիւռքի նախարարը անդրադարձաւ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներուն, այդ գծով առկայ հարցերուն, պատկերասփիւռի ծրագիրներուն, սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ վերջին հանգրուանին իրականացուող յայտագիրներուն, որոնք կը միտին սփիւռքին յատուկ տեղ տալ Հայաստանի պատկերասփիւռի կայաններու ծրագիրներուն մէջ: Ընդհանուր գիծերու մէջ ան նաեւ ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան մօտիկ ապագայի ծրագիրները:

Իր խօսքի աւարտին նախարարը շեշտեց, որ սփիւռքի նախարարութեան թիրախը երիտասարդութիւնն է, որովհետեւ անով ապագան պիտի ձեւաւորուի, այդ պատճառով ալ լաւ սերունդներ դաստիարակելու եւ կազմաւորելու լուրջ ու հետեւողական աշխատանք պէտք է տանիլ:

Ապա նախարար Յակոբեան պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն, նաեւ իրազեկ դարձաւ անոնց մտահոգութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES