ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ. ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԵՏ

Նախարար Յակոբեան եւ Արամ Ա. կաթողիկոս

Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ժամանեց Լիբանան` հովանաւորելու համար Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին եւ Հայկազեան համալսարանի հիմնադրման 55-ամեակին առիթով համալսարանին կազմակերպած «Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» նիւթով գիտաժողովը:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով հովանաւորեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կազմակերպած Աննա Շահնազարեանի ցուցահանդէսը, այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, հանդիպումներ ունեցաւ Միջին Արեւելքի հայ լրագրողներուն եւ լիբանանահայ գործարարներուն հետ:

Նախարար Յակոբեան երէկ Պիքֆայայի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Քննարկուեցան համահայկական եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց վերաբերեալ հարցերը:

Share this Article
CATEGORIES