50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (6 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՀԱՅ ՄԱՐԱՋԱԽՏ
ԱՐՄԵՆԱԿ ԽԱՄՓԵՐԵԱՆՑ
Հայ մարաջախտը ծնած է 1902-ին Մեծ Թաղլար գիւղը, որ կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութ շրջանին մէջ:
1914-ին հայրը զինք կը ղրկէ Պաքու: 1918 ապրիլին կը մտնէ Պաքուի առաջին կարմիր ջոկատին մէջ` ստանալով մարտական մկրտութիւնը Պոպովի հրամանատարութեան տակ: Նոյն տարուան մէջ ռազմանաւով կը մեկնի Աստրախան, բայց չհասած` նաւը կ՛ընկղմի մեքենաներու խանգարման պատճառով: Նաւազները կը խեղդուին, հրաշքով կ՛ազատին երկու հոգի, մէկը` Խուդիակով, բնիկ աստրախանցի, որ քաջ լուղորդ էր, երկրորդը` Խամփերեանց, որ կը վախնար ոտքերն անգամ թրջել իրենց գիւղին գետակին մէջ, Կուրուչայ, ամառները ցամքելու վրայ, թէեւ կ՛երազէր թռչիլ:
Ընկերը փրկած էր զինք: Երկուքը միասին կը մտնեն Աստրախանի կարմիր ջոկատին մէջ, որուն հրամանատարը կը դառնայ կարճ ժամանակ մը անցնելէ ետք: Սպիտակ ղազախներու հետ կռուի ընթացքին Խուդիակով կը ստանայ մահացու վէրք մը: Մահամերձ հրամանատարը կը հանէ իր գլխարկը եւ կը յանձնէ Խամփերեանցի.
– Շարունակէ կռիւը, կ՛ըսէ, թող թշնամին գիտնայ, թէ կենդանի է Խուդիակով:
Այնուհետեւ Խամբերեանց կը շարունակէ մարտական կեանքը` Սերգէյ Ալեքսանդրովիչ Խուդիակով անուամբ, յաւերժացնելու համար իր ընկերոջ անունը եւ յիշատակը:
Խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք, Խամբերեանց կը նուիրուի օդային ասպարէզին: Մեծ պատերազմը կ՛ողջունէ գնդապետի աստիճանով: Շուտով կը բարձրանայ մարաջախտի աստիճանին` միշտ Խուդիակովի անունով, երբ 40 տարեկան կ՛ըլլար: Արեւմտեան ռազմաճակատի օդային ուժերու պետ, յետոյ Խորհրդային Միութեան օդային ուժերու սպայակոյտի պետ. պատերազմի վերջաւորութեան`Հեռաւոր Արեւելքի ռազմաճակատի օդային ուժերու պետ, իր քաջութիւններով` առասպելական հերոսներու կարգը անցած: Կը մեռնի
1950-ին, եւ եթէ արտասահմանեան հայ մամուլին մէջ արձագանգ չէ գտած մինչեւ մարաջախտութիւն բարձրանալը, պատճառը այն է, որ հայ զինուորականը ծառայած է իր ռուս ընկերոջ անունով` իր փառքը եւ յաւերժութիւնը շնորհելով անոր, որ զինք փրկած էր Կասպից ծովուն մէջ:
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԸ
ԿԸ ԳՈՎԷ ՀԱՅԵՐԸ
Հիւսէյն թագաւոր անցած շաբաթ բացումը կատարեց Յորդանանի երկրագործական արտադրութեանց Ա. ցուցահանդէսին: Գեղարուեստական բաժնին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ամմանի ՀՄԸՄ-ի երգի ու պարի խումբը` մենակատարութեամբ տիկին Մարի Փելթեքեանի: Յայտագիրը ամբողջութեամբ ձայնասփուեցաւ Յորդանանի պետական ձայնասփիւռի կայանէն: Ձայնասփիւռի ընդհան. տնօրէն Սալահ Ապու Զէյտ, այդ առիթով, մօտ 10 վայրկեան խօսելով, վեր առաւ հայերու մատուցած ծառայութիւնը արաբական աշխարհի վերելքին եւ մասնաւորաբար յորդանանեան հայրենիքին: Տնօրէնը շեշտեց հայերու հաւատարմութիւնը, աշխատասիրութիւնը եւ հնարամտութիւնը:
ՀՄԸՄ-Ի ԱԿՈՒՄԲԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
Կիրակի, օգտոստոս 27-ին, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի վերանորոգուած ակումբին բացման հանդիսութիւնը` նախագահութեամբ Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի: Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Յակոբայ վանքին հայութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի Ամմանի մասնաճիւղը` արտակարգ խանդավառութիւն ստեղծելով: Բացման հանդիսութեան յաջորդեց խրախճանք, որ տեւեց մինչեւ առաւօտ, արտակարգօրէն խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Հանդիսութեանց ներկայ գտնուեցան միաբանութեան անդամներ: Տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն մը, որուն պատրիարք հայրը մասնակցեցաւ 2000 լ. ոսկիով:
Զ. ԳԱԼԸՊՃԵԱՆ