ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. ԱՌՏՈՒ ԱՐԹՆՆԱԼԷՆ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ԵՏՔ ԾԽԵԼԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԷ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ՅԱՌԱՋԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Օգոստոսի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ առտու արթննալէն անմիջապէս ետք ծխողներուն մօտ շատ աւելի բարձր եղած է քաղցկեղի յառաջացման վտանգին տարողութիւնը, քան` անոնց մօտ, որոնք արթննալէն նուազագոյնը մէկ ժամ ետք կը ծխեն:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութեան մէջ ամերիկացի մասնագէտներ նկատի ունեցած են 7611 ծխողներ, որոնցմէ 4776-ը թոքերու քաղցկեղ ունեցած է: Մասնագէտները գտած են, թէ արթննալէն կէս ժամ չանցած ծխողներուն մօտ գրեթէ կրկնապատկուած է արդէն իսկ բարձր եղող թոքերու քաղցկեղի յառաջացման վտանգին տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնք 79 առ հարիւր համեմատութեամբ հակամէտ եղած են տարբեր տեսակի քաղցկեղներէ տառապելու վտանգին, քան` արթննալէն նուազագոյնը մէկ ժամ ետք ծխողները:

Մասնագէտները նշած են, թէ մարդոց առողջութեան վրայ արթննալէն անմիջապէս ետք ծխելուն ունեցած ազդեցութիւնը անկախ եղած է մարդոց ծխելու հետ առնչուած այլ վնասակար սովորութիւններու ունեցած ազդեցութենէն (օրինակ` օրական սպառած ծխախոտին քանակէն):

ՆԻՔՈԹԻՆԻ ՈՒ ԱՅԼ ՏԵՍԱԿԻ ԹՈՒՆԱՒՈՐ
ՆԻՒԹԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.

Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ մասնագէտները նկատի ունեցած են 1850 ծխողներ, որոնցմէ 1055-ին գլխուն ու վիզին մէջ քաղցկեղի վերածուած ուռեր յայտնուած են:

Նշեալ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ քաղցկեղէ տառապրող մարդոց 59 առ հարիւր համեմատութիւնը արթննալէն անմիջապէս ետք ծխող եղած է:

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացին մասնագէտ տոքթ. Ճոշուա Մուսքար ըսած է, թէ արթննալէն անմիջապէս ետք ծխող մարդոց մարմնին մէջ շատ աւելի բարձր եղած են նիքոթինին ու ծխախոտին պարունակած այլ տեսակի թունաւոր նիւթերուն տարողութիւնները` նկատի ունենալով, որ անոնց թոքերուն մէջ շատ աւելի մեծ տարողութեամբ ծուխ ներծծուած է` այդպիսով շատ աւելի հակամէտ դարձնելով զանոնք ծխախոտին պարունակած քաղցկեղ յառաջացնող քիմիական նիւթերէն վնասուելու վտանգին:

Տոքթ. Մուսքար յայտնած է նաեւ, թէ նշեալ մարդիկը շատ աւելի մոլի դարձած են ծխելու, քան` արթննալէն նուազագոյն մէկ ժամ ետք ծխողները:

Բրիտանացի քաղցկեղի մասնագէտ փրոֆ. Ռոպըրթ Ուեսթ ըսած է, թէ վերոնշեալ յայտնաբերումը կրնայ նպաստել, որպէսզի ծխելուն յառաջացուցած վնասներուն ուսումնասիրութեամբ զբաղող հետազօտողներ կարենան շատ աւելի ճշգրիտ կերպով գնահատական կատարել մարմնին մէջ ներծծուած ծխախոտին բաղկացուցիչներուն տարողութիւններուն եւ չբաւարարուին միայն օրական ծխուած գլանիկներուն քանակը չափելով:

 

«ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ԴԱՋՈՒԱԾՔ» ՄԸ ԿՐՆԱՅ ՅԵՂԱՇՐՋԵԼ
ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԻՆ
ՀՍԿՈՂ ՏԱՐԲԵՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ

Վերջերս ամերիկացի մասնագէտներ պատրաստած են այնպիսի՛ սարք մը, որ շատ հաւանաբար յեղաշրջէ հիւանդներուն առողջական վիճակին հսկող տարբեր միջոցները: Նշեալ սարքը ունի նուազ քան յիսուն մայքրոմեթր հաստութիւն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա մարդկային մազի թելէն ալ աւելի բարակ է եւ կը գործածուի հիւանդներուն սրտին ու ուղեղին հսկողութեան համար:

Մասնագէտները նշեալ սարքը նմանցուցած են դաջուածքի (թաթու) քանի որ անիկա կը տեղադրուի մորթին վրայ, այնպէս, ինչպէս որ առժամեայ դաջուածքը կը տեղադրուի: Նաեւ անիկա կրնայ շարժիլ, ծալուիլ ու երկննալ` առանց փրթելու:

Ելեկտրոնային ալիքներով բանող այդ սարքը շատ հաւանաբար հետագային փոխարինէ ներկայիս հիւանդանոցներուն մէջ օգտագործելի մեծածաւալ սարքերը, որոնք բաղկացած են թելերու կոյտէ ու մարմնին վրայ տեղադրուող կպչուն ելեկտրոտներէ, որոնք իրենց կարգին միացած են համակարգիչի բարդ սարքերու` հսկողութեան տակ պահելու համար հիւանդներուն ուղեղին ալիքներն ու սրտին զարկերը, ինչպէս նաեւ մարմնին տարբեր մկաններուն աշխուժութիւնը:

Նման սարքեր յաճախ նեղացուցիչ են, մասնաւորաբար` սրտի հարցեր ունեցող ա՛յն հիւանդներուն պարագային, որոնք յաճախ ստիպուած կ՛ըլլան զանոնք մէկ ամիս եւ կամ աւելի երկար ատեն իրենց մարմնին վրայ կրելու:

ԱՐԵԳԱԿՆԱՅԻՆ ԲԱՐԴԵՐ…

Մասնագէտները բացատրած են, թէ դաջուածքի տեսք ունեցող սարքին ելեկտրոնային մասերը կազմուած են երերացող ու օձաձեւ բաղկացուցիչներէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք չեն վնասուիր, երբ սեղմուին եւ կամ ճմլուին:

«Ելեկտրոնային դաջուածքը բաղկացած է նաեւ շատ փոքր արեգակնային բարդերէ, որոնք ելեկտրականութիւն կ՛ապահովեն անոր: Նշեալ բարդերը իրենց ուժանիւթը կը ստանան արեւուն ելեկտրամագնիսական շողարձակումներէն:

Նշեալ սարքը տեղադրուած է կերպընկալէ շատ բարակ թերթիկի մը վրայ, որ ջուրին մէջ կը լուծուի: Այսուհանդերձ, «ելեկտրոնային դաջուածքը կը կպչի մորթին` պարզապէս թրջելով զայն, այնպէս, ինչպէս որ առժամեայ դաջուածքը կը կպչի մարմնին:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ դաջուածքի տեսք ունեցող այդ սարքը կը կպչի մորթին այս վերջինին ու սարքին կերպընկալէ բաժինին միջեւ ստեղծուած տկար ձգողական ուժերուն պատճառով:

Մասնագէտները իրենց պատրաստած «ելեկտրոնային դաջուածքը» փորձարկած են հիւանդներու վրայ` չափելու համար անոնց ուղեղին, սրտին ու ոտքերուն մէջ յառաջացած ելեկտրական աշխուժութեան տարողութիւնը: Նշեալ փորձարկումներէն ձեռք ձգուած տուեալները ուշագրաւ կերպով համընկնած են աւանդական միջոցներով ձեռք ձգուած տուեալներուն:

Մասնագէտները ըսած են, նման ելեկտրոնային դաջուածքներ կրնան նպաստել նաեւ կանխահաս ծնունդ ունեցող երեխաներուն առողջական վիճակին հետեւելու գործընթացին, ինչպէս նաեւ` քնացած ատեն շունչի նեղութենէ տառապող մարդոց վիճակին հետեւելու գործընթացին` նկատի ունենալով, որ դաջուածքները նշեալ պարագաները կը ձերբազատեն աւանդական սարքերուն թելերու կոյտերն ու կպչուն ելեկտրոտները իրենց մարմնին վրայ կրելու տաղտուկէն:

«ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ԴԱՋՈՒԱԾՔԸ» ՓՈԽԵԼ
ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԱԹԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ…

Ամերիկացի մասնագէտ փրոֆ. Թոտ Քոլմեն ըսած է, թէ ուղեղին աշխատանքը լաւապէս հասկնալու համար անհրաժեշտ է բնական միջավայրերու մէջ հետեւիլ անոր ջիղերու բջիջներուն միջեւ ղրկուող ազդանշաններուն եւ ո՛չ թէ բաւարարուիլ միայն տարրալուծարանային ուսումնասիրութիւններով:

Այսուհանդերձ, նման ծրագիր մը յաջողցելու համար անհրաժեշտ է կարելի եղած չափով գործածել այնպիսի՛ սարքեր ու կազմածներ, որոնց մարդոց մարմնին վրայ տեղադրումը որեւէ ձեւով չի խանգարեր մարդոց հանգիստը:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ «ելեկտրոնային դաջուածքը որեւէ բորբոքում չէ յառաջացուցած մարդոց մորթին վրայ, սակայն անոր գործածութեան ժամանակը սահմանափակ եղած է` նկատի ունենալով, որ մորթին մակերեսին եղող բջիջները շարունակ կը նորոգուին եւ փճացած բջիջները կը փոխարինուին նորերով, ինչ որ անհրաժեշտութիւն կը ստեղծէ նուազագոյնը երկու շաբաթը անգամ մը «ելեկտրոնային դաջուածքը» փոխելու:

Անոնք նշած են, թէ «ելեկտրոնային դաջուածքը» շատ աւելի պարզ է, ինչպէս նաեւ անկէ ձեռք ձգուած տուեալները շատ աւելի վաւերական են, քան` հիւանդներուն առողջական վիճակին հսկող ծաւալուն սարքերը: Նաեւ այդ յատուկ դաջուածքին պատրաստութիւնը մեծածախս չէ եղած, ինչ որ կը նպաստէ, որպէսզի անիկա հետագային մատչելի դառնայ մեծ թիւով հիւանդներու:

 

ՄՈՐԹԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՎՐԱՅ
ՍՈՒՐՃԻՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ` ԲԱՑԱՏՐՈՒԱԾ…

Օգոստոսի կէսերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ սուրճը կրնայ նուազեցնել մորթի քաղցկեղի յառաջացման վտանգին տարողութիւնը` նպաստելով ոչնչացման գործընթացին քաղցկեղի վերածուած բջիջներուն, որոնք այլապէս կրնան ուռերու վերածուիլ:

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ չափաւոր տարողութեամբ խմուած սուրճը կրնայ նպաստել մորթի քաղցկեղի ամէնէն աւելի յաճախադէպօրէն յայտնուող տեսակին դարմանումի գործընթացին:

Ուսումնասիրութիւնը կատարող ամերիկացի մասնագէտները մուկերու վրայ կատարած իրենց փորձարկումներուն մէջ այնպիսի՛ փոփոխութեան ենթարկած են անոնց ծինային կարգ մը կերտուածքները, որոնք պատճառ դարձած են անոնց մորթին քաղցկեղի վերածուած բջիջներուն մէջ կազմուած բնախմորի մը արտադրութեան կասեցման` այդպիսով դանդաղեցնելով այդ բջիջներուն բազմապատկուելու գործընթացը նոյնիսկ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներուն առկայութեամբ:

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, թէ օրական մէկ գաւաթ սուրճը կրնայ ազդել վերոնշեալ բնախմորին արտադրութեան կասեցման վրայ եւ նպաստել անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն վնասուած բջիջներուն ոչնչացման գործընթացին:

ԲԱԶՄԱՊԱՏԿՈՒԵԼՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները ներառած են անփոփոխ ծինային կերտուածք ունեցող մուկեր, ինչպէս նաեւ` իրենց ծինային կարգ մը կերտուածքներուն մէջ փոփոխութիւն կրած մուկեր եւ տասնինն շաբաթ շարունակ զանոնք պահած են անդրմանիշակագոյն ճառագայթներ պարունակող սենեակներու մէջ: Այսուհանդերձ ծինային կերտուածքներու փոփոխութիւն կրած մուկերուն մօտ վաթսունինն առ հարիւր համեմատութեամբ նուազ եղած է քաղցկեղի վերածուած ուռերուն յայտնուելու վտանգին տարողութիւնը, քան` իրենց ծինային կերտուածքին մէջ փոփոխութիւն չկրած մուկերուն մօտ:

Միւս կողմէ սակայն, երբ վերոնշեալ մուկերը տասնհինգ շաբաթ եւս պահուած են անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու մէջ, ապա քաղցկեղի վերածուած ուռեր յայտնուած են բոլորին մօտ անխտիր: Մասնագէտները հետեւցուցած են, թէ փոփոխութեան ենթարկուած ծինային կերտուածք ունեցող մուկերուն մարմինը կրցած է միայն ժամանակաւորապէս կասեցնել անդրմանիշագոյն ճառագայթներուն ազդեցութեան տակ քաղցկեղի վերածուած մորթի բջիջներուն յատուկ եղող բնախմորին արտադրութիւնը:

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ Ալեն Քոնէյ յայտնած է, թէ սուրճին պարունակած քաֆէինը եւս կրցած է կասեցնել վերոնշեալ բնախմորին արտադրութիւնը եւ, այդպիսով, դանդաղեցուցած է քաղցկեղի վերածուած մորթի բջիջներուն բազմապատկուելու գործընթացը: Ան նշած է նաեւ, թէ խմուած սուրճը եւ կամ մորթին վրայ տարածուած սուրճը միեւնոյն ձեւով ազդած են քաղցկեղի վնասուած մորթի բջիջներուն պարունակած բնախմորին արտադրութեան կասեցման վրայ:

ԱՆԴՐՄԱՆԻՇԱԿԱԳՈՅՆ ՃԱՌԱԳԱՅԹՆԵՐԸ
ՆԵՐԾԾՈՂ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ՔԱՖԷԻՆԸ

Այսուհանդերձ, մասնագէտները հետամուտ են քաֆէինը ներառելու արեւուն վնասակար ճառագայթներէն պաշտպանելու նպատակով պատրաստուած տարբեր տեսակի սերերուն բաղկացուցիչներուն մէջ` նկատի ունենալով, որ անիկա ուղղակիօրէն կը ներծծէ մարդկային մարմնին վնասակար եղող արեւուն անդրմանիշակագոյն ճառագայթները:

Մասնագէտները նշած են, թէ ամէն տարի աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր մարդոց մօտ կը յառաջանան տարբեր տեսակի մորթի քաղցկեղներ, որոնք յաճախ կրնան դարմանուիլ, երբ իրենց սկզբնական հանգրուաններուն մէջ յայտնաբերուին:

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ սուրճ խմող մարդոց մօտ համեմատաբար նուազ եղած է կուրծքի ու արգանդի, ինչպէս նաեւ շագանակագեղձի ու աղիքներու քաղցկեղներուն յառաջացման վտանգին տարողութիւնը, քան` առանց քաֆէինի սուրճ խմող մարդոց մօտ:

 

ԲՈՒՍՏԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԻԼ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆԸ
ԱՐԵՒՈՒՆ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՃԱՌԱԳԱՅԹՆԵՐԷՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂ
ԴԵՂԱՀԱՏԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Օգոստոսի վերջաւորութեան բրիտանացի մասնագէտներ բուստերու տեսակի մը վրայ կատարուած ուսումնասիրութենէ մը յաջողած են ձեռք ձգել այնպիսի՛ քիմիական նիւթեր, որոնք կը պաշտպանեն զիրենք արեւուն վնասակար անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն:

Այսուհանդերձ, մասնագէտները հետամուտ են գտնելու այն ծինային ու կենսաքիմիական գործընթացները, որոնք տեղի կ՛ունենան նշեալ բուստերուն մէջ` զիրենք արեւուն վնասակար ճառագայթներէն պաշտպանելու համար եւ անոնցմէ ձեռք ձգուած տուեալները օգտագործելու մարդկային մարմինը արեւուն անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն պաշտպանող դեղահատերու պատրաստութեան մէջ:

Մասնագէտները Աւստրալիոյ ծովեզերքներէն գտած են աքրոփորա կոչուած վտանգուած բուստերը եւ անոնցմէ վերցուած նմուշներէն յաջողած են տարրալուծարանին մէջ պատրաստել ա՛յն նիւթերը, որոնք կ՛օժտեն զանոնք արեւուն վնասակար ճառագայթներէն պաշտպանուելու բնածին յատկութեամբ:

Մասնագէտները նախ եւ առաջ նշեալ նիւթերով պատրաստած են օծանելիքներ նախքան այդ նիւթերը անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն պաշտպանող դեղահատերուն պատրաստութեան մէջ ներառելը:

Նշեալ նիւթերէն մեծ տարողութեամբ արտադրելու նպատակով, մասնագէտները բուստերուն մարմինէն ձեռք ձգած են այդ նիւթերուն կազմութեան նպաստող ծինային կերտուածքներէն կրկնօրինակներ զանոնք ներարկած են տարրալուծարանին մէջ աճած մանրէներու մէջ:

Այսուհանդերձ, նշեալ ծինային կերտուածքները արագօրէն բազմապատկուած են մանրէներուն մէջ եւ, այդպիսով, կարելի եղած է ձեռք ձգել մեծ քանակութեամբ ծինային կերտուածքներ:

ՕԳՏԱԿԱՐ ՆԱԵՒ ՁՈՒԿԵՐՈՒՆ

Մասնագէտները բուստերը չեն ներառած իրենց փորձարկումներուն մէջ` նկատի ունենալով, որ վտանգուած է անոնց գոյութիւնը:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող բրիտանացի մասնագէտ տոքթ. Փոլ Լոնկ ըսած է, թէ նախապէս մասնագէտներ գտած են, թէ բուստերն ու կարգ մը տեսակի լոռեր կրնան իրենք զիրենք պաշտպանել արեւադարձային կլիմաներու մէջ եղող արեւուն անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն` իրենց յատուկ նիւթեր արտադրելով, սակայն, օրին անոնք չեն կրցած գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է նշեալ գործընթացը:

Կարգ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ բուստերուն մէջ ապրող լոռերը արտադրած են յատուկ նիւթ մը, որ փոխանցուած է նաեւ բուստերուն, որոնք իրենց կարգին որոշ փոփոխութեան ենթարկելէ ետք զայն, վերածած են արեւուն անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն պաշտպանող նիւթի, որ իր կարգին նպաստած է թէ՛ բուստերուն եւ թէ՛ լոռերուն:

Մասնագէտները գտած են նաեւ, թէ նշեալ նիւթը օգտակար դարձած է նոյնիսկ այդ բուստերով սնանող ձուկերուն:

Այսուհանդերձ, նորագոյն ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտները հետեւցուցած են, թէ երբ նշեալ նիւթը դեղահատի միջոցով մարդոց մարմնին մէջ մտնէ, ապա անիկա կրնայ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն պաշտպանել անոնց մորթն ու աչքերը:

Պատրաստեց` ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`
«Ա. ԷՖ. ՓԷ.» «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ»)

 

Share this Article
CATEGORIES