«ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆ»Ը ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐԸ

Արաբական երկիրներուն մէջ քրիստոնեաները զերծ չմնացին տեղի ունեցող ժողովրդային շարժումներէն եւ քաղաքական ազատութիւն պահանջող «Արաբական գարուն»ի ազդեցութենէն. անոնք կը գտնուին անհետանալու աւելի՛ վտանգուած վիճակի մէջ յայտնուելու հնարաւորութեան դիմաց:

Արագ կշռոյթով սլացող վարակիչ «Արաբական գարուն»ի սպառնացող վտանգը կը կայանայ իսլամական մեծամասնութեան հանգամանքին մէջ, որ կրնայ գերիշխել որպէս «եղբայրներու», «սելեֆիներու» կամ «Քայիտայի» բնոյթով: Այդ պատճառով ոմանք «Արաբական գարունը» կոչեցին «Արաբական իսլամական գարուն»:

Արաբական շրջանակներու մէջ կը շրջին հարցադրումներ, թէ արդեօք «Արաբական գարուն»ն ու յեղափոխութիւնները պիտի կարողանա՞ն քաղաքացիական ազատ պետութիւն հիմնել, որուն մէջ բոլորը ընդգրկուած ըլլան:

Եգիպտոսի մէջ բողոքներու ընդհանուր պատկերը ցոյց տուաւ կրօնական փոքրամասնութիւններու նոր դարաշրջանի մը մէջ յայտնուելու տարբերակը: Յիշենք, որ Եգիպտոսի մէջ քրիստոնեաները կը կազմեն ընդհանուր բնակչութեան 10 առ հարիւրը, իսկ արաբական միւս երկիրներուն մէջ` 5 առ հարիւրը:

Սատտամ Հիւսէյնի օրով ալ Իրաքի մէջ 1.5 միլիոն քրիստոնեաներ կ՛ապրէին, իսկ 2003-էն ասդին իսլամական զինեալներու յարձակումներուն պատճառով թիւը կիսով նուազած է:

Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ անոնց կարգին` հայկական գաղութներուն դիմագրաւած երկուութիւնը այն է, որ «Արաբական գարուն»ի մարտահրաւէր դարձած բռնատիրական վարչակարգերը ընդհանուր առմամբ զիրենք կը պաշտպանէր իսլամական որեւէ ալիքէ:

Ըստ Արեւմուտքի որոշ մասնագէտներու, նոյնիսկ եթէ իսլամական վարչակարգի յառաջացումը յաջող տարբերակ մը չէ, սակայն քրիստոնեայ ընկերութիւններու գոյութիւնը վտանգուած է արաբական աշխարհին մէջ, ինչ որ կրնայ իսլամականները քաջալերել մշակութային պատերազմի մը:

Վերջին շրջանին մտաւորական շրջանակներու մէջ կը բարձրանան այն հարցադրումները, թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները «Արաբական գարուն»ի գի՞նը պիտի վճարեն: Միւս կողմէ` մտավախութիւն կը յառաջանայ «Արաբական գարուն»էն ետք Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ճակատագրի մասին, այն մեկնակէտէն, թէ քրիստոնեաները աւելի նուազ առիթ ունին, օրինակ, Եգիպտոսի մէջ ընտրութիւններու մրցակցութեան մասնակցելու մէջ: Նման պարագայի դիմաց քրիստոնեաները աւելի գրաւիչ առիթ փնտռելու կը դիմեն:

Արաբ կարգ մը վերլուծաբաններու համաձայն, Միջին Արեւելքի մէջ ծնունդ առած քրիստոնեաներուն մեկնումի եւ պարպումի վտանգին դիմաց կը գտնուի շրջանը:

Դառն իրականութիւնը այն է, որ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները անմասն չեն այդ մտավախութենէն եւ, ինչո՞ւ չէ, այդ իրականութենէն:

Հաստատենք, որ արաբական երկիրներուն մէջ հայկական գաղութները ներքին քաղաքական կեանք չեն ունեցած, բացառութեամբ` Լիբանանի: Անոնք միշտ ընտրած են «դրական չէզոք»ի դիրքը: Այսօր հասարակական շերտերը անհանգիստ են: Անշուշտ հարցերը կրնան զարգանալ, երբ կը սաստկանայ ապահովութեան սպառնացող անշօշափելի վտանգը:

Մէկ խօսքով, պէտք է փորձել նուազագոյն վնասով դուրս գալ «Գարունէն»: Յանկարծ «Արաբական գարուն»ը Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու կամ «սփիւռքի ձմեռ» չբերէ:

Իրողութիւնը ցոյց կու տայ, որ «Արաբական գարուն»ը կ՛ընդգրկէ` բարենորոգումներ, խօսքի եւ մամուլի ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, ընտրութիւններ, յեղափոխութիւն եւ քաղաքացիութեան հարցեր: Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները անպայմանօրէն մաս պիտի կազմեն այդ հոլովոյթին` դիմագրաւելով նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրները, որոնց մէջ գերակշռողը այսօր այդ երկիրներուն մէջ մշակութային հաւասարակշռութիւնը պահելն է:

Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները այսօր կրկնակի դիտարկումներու դիմաց են. նախ` օգտուիլ առիթէն, օգտուիլ «Գարունէն», եթէ ոչ քաղաքական, ապա` հասարակական գետնի վրայ: Ապա, ի հարկէ, «Արաբական գարուն»էն ետք Միջին Արեւելքի մէջ հայկական գաղութներու գոյութեան խնդիրներ, կազմակերպուածութիւն եւ նոր հայեացք ու նոր վարքագիծ` սփիւռքահայ կեանքին հանդէպ:

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

29 օգոստոս, 2011

Դամասկոս

Share this Article
CATEGORIES