ՃԱՏՐԱԿ. ԱՐՈՆԵԱՆ ԵՒ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԳՐԱՒԵՑԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԻՐՔԸ
Նախորդ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ աւարտեցաւ աշխարհի վեցերորդ ախոյեան Միհայիլ Փոթվիննիքի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած արագ ճատրակի յուշամրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանէն Լեւոն Արոնեան եւ Էլինա Դանիէլեան:
Տղոց մրցաշարքին Արոնեան 3 կէտով գրաւեց երկրորդ դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ աշխարհի ախոյեան Վիշվանաթան Անանտ (Հնդկաստան), որ ապահովեց 4,5 կէտ:
Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Վիքթորիա Սմիլիթէ (Լիթուանիա), որ ապահովեց 4 կէտ: Դանիէլեան 3,5 կէտով գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Զոյգի մրցումներուն եւս հայրենի վարպետները 2 կէտով գրաւեցին երկրորդ դիրքը: Առաջին դիրքը գրաւեց Վիշվանաթան Անանտ – Հումփի Քոներու զոյգը:
CATEGORIES Մարզական

