ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՈՒԹԸՆ ՊԱՅՔ: ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՍԱԼԱՀ ՌԱՊՊԱՀ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՐԿՐՈՐԴ
Կիրակի, 4 սեպտեմբերին, Պիսքանթայի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութեան 2011 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի` Մաութըն Պայքի մրցումը:
Ամալ Պիքֆայա ակումբին մաս կազմող Զահեր Հաժ գրաւեց առաջին դիրքը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մաս կազմող Սալահ Ռապպահ: Վերջապէս, լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ռաֆիք Իտ (Պիսքանթա):
Սկիզբի ազդանշանը տուաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան: Ներկայ էր նաեւ ֆետերասիոնի անդամ Մինաս Մելքոնեան:
CATEGORIES Մարզական