2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ (ԱՍԻՈՅ ԳՕՏԻ). ԱՅՍՕՐ` ԼԻԲԱՆԱՆ – ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով, այսօր` երեքշաբթի, 6 սեպտեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, Մարզական աւանին մէջ պիտի հիւրընկալէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին:

Նկատի ունենալով, որ երկու կազմերն ալ զտումի մրցաշարքին սկսան պարտութեամբ, անոնք իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն արձանագրելու իրենց առաջին յաղթանակը:

Դաշտին տէրերէն կ՛ակնկալուի ամէն ճիգ ի գործ դնել` արձանագրելու իրենց առաջին յաղթանակը, գոհ ձգելու համար իրենց համակիրները:

Share this Article
CATEGORIES