ԵՒՐՕ-2013. ԱՅՍՕՐ` ՉԵԽԻԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Եւրօ-2013-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 6 սեպտեմբերին, Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականը (21 տարեկանէն վար) կը մրցի Չեխիոյ դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սթոնքի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Օրուան գլխաւոր իրաւարարն է Թասոս Սիտիրոփուլոս (Յունաստան):
Մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեանի կազմը այժմ կը գրաւէ Գ. խմբակին պարագլուխի դիրքը` առաւելագոյն վեց կէտը ապահովելով: Չեխիա մէկ մրցումէ ապահոված է երեք կէտ:
Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի կազմը արձանագրէ իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` աւելի կառչած մնալու համար պարագլուխի դիրքին:
CATEGORIES Մարզական

