ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ 4 ՕԴԱՆԱՒԵՐ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳՈՐԾԵՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ իսրայէլեան օդուժը խախտած է Լիբանանի գերիշխանութիւնը` խզելով Լիբանանի օդային սահմանները եւ կեղծ յարձակումներ գործելով լիբանանեան զանազան շրջաններու վերեւ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը խախտելու ծիրին մէջ, իսրայէլեան 4 օդանաւեր երէկ առաւօտեան ժամը 9:45-էն մինչեւ 11:20 Ռըմէյշի, Սայտայի, Իքլիմ Խարրուպի, Մերժահիունի, Թիպէի, Պընթ Ժպէյլի եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու վերեւ գործած են ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ:
«Նահար» օրաթերթին համաձայն, բնական կազի թղթածրարին գծով Իսրայէլ պատրաստ է ծովային զինուորական ճակատ մը բանալու Լիբանանի դէմ:
CATEGORIES Լիբանանեան

