ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԼԻՊԻՈՅ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժապալ Ամելի կրօնաւորներու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք շէյխ Եուսեֆ Տաամուշ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին  հայրենիքի գոյութեան երաշխիքը նկատող կողմ մը լիբանանեան պետութեան խորհրդանիշի մը վրայ յարձակի, պարզապէս որովհետեւ քաղաքական կեանքին մէջ այդ կողմը ձախողած է: Ան շեշտեց, որ անընդունելի է անտեսել ամբողջ յարանուանութիւն մը, որ կոյր վստահութիւն ունի խորհրդարանի նախագահին վրայ: Ան շեշտեց, որ իրենք զարմացած են նաեւ 13 մարտին յայտարարուած կարգախօսներէն, որոնք կը բացայայտէին, թէ անոնք հիմնուած են յաղթանակի եւ պարտութեան վրայ, ինչպէս նաեւ կը միտին երկրին մէջ սադրանքները զօրաւոր կրակի վրայ դնել եւ ոչ թէ Լիբանանին նեցուկ կանգնիլ` զօրակցելով անոր բանակին, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան:

Տաամուշ կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու կառավարութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հոգալ ժողովուրդին կարիքները:

Պըրրի ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը:

Միւս կողմէ, Պըրրի Արաբական խորհրդարաններու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նուրէտտին Պոշքոժէն ստացաւ տեղեկագիր մը` Լիպիոյ դէպքերուն եւ այդ երկրին դէմ որդեգրուելիք պատիժներուն ու արգիլեալ գօտի մը ստեղծելու հարցին մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES