ՄԵՐՔԵԼ ԻՐ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՐԵՑ

Անկելա Մերքել

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր ծննդավայր Մեքլենպուրկ-Վորփոմմերն նահանգին մէջ տեղական ընտրութեան մը ընթացքին պարտութիւն մը կրեց: Անոր ղեկավարած Քրիստոնեայ ժողովրդավարներու միութիւնը 2006-ին տեղի ունեցած նախորդ ընտրութեան համեմատ իր ժողովրդականութեան 5 առ հարիւրը կորսնցուց, հակառակ անոր որ Մերքել ընտրապայքարին ընթացքին քանի մը անգամ հրապարակային ելոյթ ունեցաւ:

Գերմանիոյ նշեալ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ Մերքելի կուսակցութեան աւագ գործընկեր Էֆ.Տէ.Փէ. կուսակցութիւնը եւս մեծ հարուած ստացաւ, երբ քուէներուն նուազ քան 5 առ հարիւրը հաւաքելով նահանգային խորհրդարանին մէջ ներկայացուցիչ ունենալու իրաւունքէն զրկուեցաւ:

Քուէներուն մեծամասնութիւնը ապահովեց կեդրոն ձախի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որ այժմ երկրորդ դիրքը գրաւող Մերքելի կուսակցութեան կամ երրորդ դիրքը գրաւող ծայրայեղ ձախակողմեան Տի Լինքը կուսակցութեան հետ նահանգային համախոհական կառավարութիւն մը կրնայ կազմել:

Share this Article
CATEGORIES