ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ

Երէկ` երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի տարեկան ընդհանուր բանակումի պաշտօնական բացումը:

Արիները, արենուշները եւ պարմանուհիները տողանցքի համաչափ քայլերով ուղղուեցան դէպի դրօշակի կայմը, ուր կը բարձրանային ՀՄԸՄ-ի դրօշակը, Եռագոյնը եւ լիբանանեան դրօշակը` մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ վարչութեան ներկայութեամբ:

«Ո՛վ հայ արի» եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգները երգելով, սկաուտները դիմաւորեցին իրենց բանակումը` բարձր տրամադրութեամբ եւ խանդավառութեամբ:

Յաջորդող 7 օրերուն անոնք պիտի սորվին, սորվեցնեն, երգեն ու պարեն խարոյկին շուրջ` իրենց գլխուն վերեւ ունենալով ՀՄԸՄ-ի դրօշը եւ Եռագոյնը:

Հինգշաբթի անոնց կը միանան արծուիկ-գայլիկները, իսկ շաբաթ` մոկլիները: Շաբաթ օր տեղի պիտի ունենայ նաեւ խարուկահանդէս, որուն հրաւիրուած են ծնողները եւ բարեկամները:

Share this Article
CATEGORIES