ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՃՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՊՀ-Ի ՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴՆ Է, ԻՍԿ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ` ՎԵՐՋԻՆԸ

Անկախ պետութեանց հասարակապետութեան (ԱՊՀ) Վիճակագրական միջպետական կոմիտէի տուեալներով, այս տարուան յունուար-յուլիս ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ արդիւնաբերական արտադրութեան իր 15.1 առ հարիւր ցուցանիշով առաջին դիրքը գրաւած է Խըրխըզիստան, իսկ երկրորդ դիրքը գրաւած է Հայաստան, որուն արդիւնաբերական արտադրութիւնը 12.4 առ հարիւրի աճ արձանագրած է:

Արդիւնաբերութեան նուազում արձանագրուած է միայն Ազրպէյճանի մէջ, ուր արդիւնաբերութիւնը 2.3 առ հարիւրով նուազած է:

Այս տարուան առաջին եօթը ամիսներուն ընթացքին նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ Պիելոռուսիոյ արդիւնաբերութիւնը աճած է 10.9 առ հարիւրով, Ղազախստանինը` 4.8 առ հարիւրով, Մոլտաւիայինը` 9.1 առ հարիւրով, Ռուսիայինը` 5.3 առ հարիւրով, Տաճիկիստանինը` 5.2 առ հարիւրով, Ուզպեքիստանինը` 6.8 առ հարիւրով եւ Ուքրանիայինը` 8.7 առ հարիւրով: Թուրքմենիստանի արդիւնաբերական աճի տուեալները չեն հրապարակուած:

ԱՊՀ երկիրներու ընդհանուր արդիւնաբերութեան ծաւալը 2011-ի յունուար-յուլիս ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ աճած է 5.9 առ հարիւրով: 2010-ի առաջին եօթը ամիսներուն ընթացքին 2009-ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ այդ ցուցանիշը աճած էր 9.7 առ հարիւրով:

Share this Article
CATEGORIES