ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄՆԱՅՈՒՆ ԱՐԺԷՔՆ ՈՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՑՈՂԻԿ ԴԷՄՔԸ

Արտասովոր չէ, որ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ի վեր, տարբեր առիթներով, հայ քաղաքական միտքը կը պարզէ պետութիւնն ու իշխանութիւնը իրարու հետ շփոթելու եւ նոյնացնելու խարխափումներ:

Յատկապէս հայ ժողովուրդի դարաւոր ազատազրկման եւ պետական գերեվարման լոյսին տակ, թէ՛ հասկնալի է եւ թէ՛ հիմնաւոր պատճառներ ունի նման խարխափումը: Ամբողջ հարիւրամեակներ առանց պետական անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ապրելով` հայ ժողովուրդը բնականաբար իր յուզաշխարհին մէջ զարգացուց պաշտամունքը «Հայ իշխան»ի կամ «Հայ թագաւոր»ի վերադարձին` իբրեւ գրաւականն ու խորհրդանիշը հայոց պետականութեան վերականգնումին:

Այդ ներշնչումով էր, որ նոյնիսկ 19-րդ դարավերջի հայ ազգային-ազատագրական շարժման ժողովրդական ու ժողովրդավարական բուռն մակընթացութեան շրջանին, մեր յեղափոխական երգերուն ճամբով, երազեցինք տեսնել «Կարին նստած հայ իշխան»…

Արդէն քսանամեայ երիտասարդ մըն է վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, բայց մեր հաւաքական ենթագիտակցութեան մէջ դեռ յաղթահարուած չէ պետութեան մնայուն արժէքն ու իշխանութեան անցողիկ դէմքը իրարու հետ շփոթելու կամ նոյնացնելու փորձութիւնը:

Փաստօրէն վերջին քսանամեակին պարբերաբար ապրեցանք պահեր, երբ պետական կեանքի մէջ, ամէնուրե՛ք, այնքան բնականոն երեւոյթ հանդիսացող դժգոհութիւններն ու ծառացումները` օրուան իշխանութեանց եւ անոնց անընդունելի սայթաքումներուն կամ իրաւախախտումներուն դէմ, հիւանդագին գալարումներով ընկալուեցան հայ քաղաքական մտքի այս կամ այն հոսանքին կողմէ, հայ ժողովուրդի այս կամ այն հատուածին կողմէ:

Այնքա՜ն դժուարութեամբ ձեռք բերուած հայրենիքի անկախութիւնն ու ազգային պետականութիւնը չկորսնցնելու, այլեւ միասնական փարումով ուժեղացնելու հրամայականը գերակշռող մտասեւեռում դարձաւ ինչպէս հայրենի հայութեան, նոյնպէս եւ սփիւռքի տարածքին ցրուած մեր ժողովուրդի տարբեր խաւերուն համար: Ինչպէս Հայաստանի վերանկախացման սկզբնական փուլին` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրերուն, այնպէս ալ հետագային` Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեանց ժամանակ, ոչ միայն արտասահմանեան երկիրներու մէջ Հայաստանի նախագահին կամ Հայաստանի դեսպանութեանց դէմ կատարուած հայկական բողոքի ցոյցերը, այլեւ նոյնինքն հայրենի հողի վրայ դրսեւորուած ժողովրդային դժգոհութիւններն ու ըմբոստացումները յաճախ անհասկնալի եւ անընդունելի նկատուեցան:

Հայը ինչպէ՜ս կրնայ բողոքել իր ազատ ու անկախ հայրենիքին պետական իշխանութեանց դէմ® Չէ՞ որ յաչս օտարին սեփական պետութեան եւ իշխանութեան վարկաբեկման կրնան ծառայել հայերու նախաձեռնած բողոքի ցոյցերը: Չէ՞ որ դարաւոր երազի իրականացման պայմաններուն մէջ ազգովին պարտաւոր պէտք է զգանք բոլորուելու մեր պետութեան եւ իշխանութեան շուրջ` թշնամիին թէ բարեկամին ցոյց տալու համար մեր ուժն ու միասնականութիւնը…

Որքան ալ հասկնալի ու հիմնաւոր ըլլան այսօրինակ մտայնութիւնները եւ ընկալումները, Հայաստանի վերականգնեալ անկախութեան քսանամեայ կեանքը բաւարար ժամանակ էր, որպէսզի հայ քաղաքական միտքը կարենար թօթափել անոնց խորքին ծուարած նախապաշարումները:

Քսանամեայ անկախութիւնը բաւարար պէտք է ըլլար, որպէսզի կարենայինք ըստ ամենայնի իրարմէ զանազանել ու զատորոշել պետութիւնն ու իշխանութիւնը` առաջինին իբրեւ մնայուն ու անփոխարինելի արժէքի փարելով, իսկ երկրորդին մէջ տեսնելով պարզապէս ժամանակաւոր ու անցողիկ քաղաքական դէմք մը, որուն գնահատումը համապատասխան պիտի ըլլար սոսկ իր վարքագծին:

Երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ատենին մերժեց հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը առաջնահերթ օրակարգ ընդունիլ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան համար, նորանկախ Հայաստանի իշխանութեանց առաջին դէմքին դէմ ծաւալած հայկական բողոքի ցոյցերը աւելի քան անհրաժեշտութիւն էին, որեւէ ձեւով հարցականի տակ չէին դներ հայոց պետականութեան պաշտպանութեան եւ հզօրացման համազգային զօրաշարժը: Ընդհակառա՛կն:

Նոյնը պատահեցաւ նաեւ հետագային, երբ Ռոպերթ Քոչարեան թուրք ականաւոր լրագրողի հարցապնդումին պատասխանելով` կամայ թէ ակամայ յայտարարեց մօտաւորապէս, թէ Հայաստանը հողային պահանջ չունի Թուրքիայէն` հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթ խնդիրը հռչակելով հանդերձ® Հայաստանի օրուան իշխանութեանց առաջին դէմքը իր այդ կեցուածքով, փաստօրէն, խոցելի եւ համազգային ընդվզումի նշաւակ դարձաւ, առանց որ իր դէմ ծաւալած համապատասխան բողոքի ալիքը որեւէ ձեւով հարցականի տակ դնէր Հայաստանի անկախ պետականութեան արժէքն ու անոր պաշտպանութեան եւ հզօրացման փարելու յանձնառութիւնը: Ընդհակառա՛կն:

Իսկ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնած «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» եւ անոր մեղքի պտուղը հանդիսացող հայեւթուրք տխրահռչակ արձանագրութեանց դէմ ծաւալած բողոքի շարժումը, յատկապէս Հայաստանի ստորագրութիւնը յետս չկոչելու շարունակուող կամակորութեան պայմաններուն մէջ, Հայաստանի իշխանութեանց առաջին դէմքին դէմ աւելի քան անհրաժեշտ կը դարձնէ ընդվզումն ու դատապարտանքը, որքան ալ Հայաստանի երրորդ նախագահը փորձէ պահանջատիրական ելոյթներով վարկանիշ ապահովել ներազգային ճակատի վրայ: Բայց նոյնքան պարզորոշ է, որ հակառակ իր սաստկութեան, Հայաստանի ներկայ իշխանութեան դէմ չմարող բողոքի ալիքը որեւէ ձեւով հարցականի տակ չի դներ Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ուժեղացման ի խնդիր բոլոր ուժերով պայքարելու պատրաստակամութիւնը: Ընդհակառա՛կն:

Այո՛, ընդհակառակն, իշխանութեան վրայ բողոքի ճնշումը միայն բարերար անդրադարձ կրնայ ունենալ պետութեան ուժեղացման վրայ, որովհետեւ երաշխիքն է եկող-գացող իշխանութեանց գործած սխալներն ու շարունակուող սայթաքումները հակակշռի տակ բերելու, սրբագրելու եւ անհրաժեշտ ուժականութեամբ ու միասնականութեամբ պետական մեր նաւը յառաջ մղելու կենսունակութեան:

Ի վերջոյ ազգային եւ քաղաքացիական հասունութեան ցուցանիշ է նոյնինքն անցողիկ իշխանութեանց դէմ պայքարի ճամբով պետութեան հզօրացման ծառայելու մարտունակութիւնը:

Չմոռնանք այն ահաւոր գինը, որ հայ քաղաքական միտքը վճարեց քսաներորդ դարուն, երբ ազգային ու քաղաքական մանկամտութեամբ, տասնամեակներ ամբողջ, գտնուեցան հոսանքներ, որոնք հայրենասիրութիւնը պայմանաւորեցին տիրող Իշխանութեան նկատմամբ համակերպումով, մինչ հայրենիքն ու պետականութիւնը կարիքը ունէին, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, սեփական իշխանութեանց խարխափումներն ու սայթաքումները հակակշռող ազգային ճնշումի եւ միասնական ծառացումի:

Քնաբեր դեղի ներգործութենէն աւելին չունեցան «Հայրենիքը մնայուն է, իսկ վարչաձեւը գնայուն» յորդորող քարոզները:

Հայաստանի վերանկախացման ու ազգային պետականութեան հզօրացման դժուարին, այլեւ պատմական երթը իր մարտունակ հունին մէջ պահելու համար շատոնց հնչած է զանգը ազգային եւ քաղաքացիական սթափութեան, որպէսզի Իշխանութեան անցողիկ դէմքին որեւէ ձեւով չզոհաբերենք պետութեան հիմնական արժէքը:

Իշխանութեան սրբագրումին համար մղուած ազգային ու քաղաքացիական` սկզբունքային եւ հետեւողական պայքարը անհրաժեշտ պայմանն է նոյնինքն պետութեան լիարժէք ու հաստատաքայլ զարգացումին:

Հզօրացումի՛ն:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES