ԵՒՐՕ-2012. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴԱՍ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՍԼՈՎԱՔԻՈՅ

Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ֆութպոլի բաւական լաւ դաս մը տուաւ Սլովաքիոյ` անոր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրելով:

Ֆութպոլի գրաւի գրասենեակներ նախքան մրցումը կը կասկածէին Հայաստանի արձանագրելիք յաղթանակին վրայ` նկատի ունենալով, որ անոնք նախանցեալ շաբաթ քիչ մը տկար նկատուող Անտորրայի դէմ արձանագրուած յաղթանակը (3-0) նկատած էին սովորական:

Սակայն երէկուան մրցումին, հայրենի կազմը փաստեց, որ կրնայ նոյնիսկ իրմէ աւելի զօրաւոր նկատուող կազմեր ալ պարտութեան մատնել:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ 4-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՋԱԽՋԱԽԵՑ
ՍԼՈՎԱՔԻԱՆ ԵՒ ԱՆԿԷ ԽԼԵՑ ԵՐՐՈՐԴ ԴԻՐՔԸ

Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան 23 ճակատումներ:

Զտումի իր 8-րդ մրցումը կատարեց նաեւ Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին: Ան արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը` 4-0 արդիւնքով ջախջախելով Սլովաքիան վերջինիս դաշտին` Ժիլինայի մէջ:

Հայաստանի արձանագրած այս փառահեղ յաղթանակը եկաւ յաջորդելու նախանցեալ ուրբաթ օր Անտորրայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, ուր հայրենի կազմը դարձեալ իր դաշտէն դուրս 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:

Երկու մրցումէ վեց կէտ եւ օտար դաշտերու վրայ արձանագրուած երկու յաղթանակի ընթացքին 7-0 արդիւնք: Ասիկա կը նշանակէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը իր փայլուն վերելքին մէջ է:

Գրաւի գրասենեակներուն ակնկալութիւնները այս անգամ ամբողջութեամբ սխալ դուրս եկան, որովհետեւ Հայաստան եկաւ փաստելու, որ անոնք սխալած են` մրցումին յաղթականը նկատելով դաշտին տէրերը` սլովաքները:

Վերադառնալով երէկուան այս մրցումին` Հայաստան 4-0 արդիւնքով զգետնելով իր մրցակիցը, անկէ խլեց երրորդ դիրքը` օգտուելով իր ունեցած կոլէվըրէյճի առաւելութենէն:

Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղը որոշ չափով մը Սլովաքիոյ մարզիկներուն տիրապետութեան տակ եղաւ, սակայն բարեբախտաբար Ռոման Պերեզովսքի յաջողեցաւ փրկել կացութիւնը եւ իր բերդը պահել անառիկ:

58-րդ վայրկեանին, Եուրա Մովսիսեան սքանչելի կոլով մը բացաւ մրցումին հաշիւը: 71-րդ վայրկեանին Հենրիխ Մխիթարեան այլ սքանչելի կոլով մը արդիւնքը բարձրացուց երկուքի:

Ապա անոր յաջորդեցին Գէորգ Ղազարեանի (81-րդ) եւ Արթուր Սարգիսովի (91-րդ) նշանակած կոլերը, որոնք մեծ հրճուանք եւ ուրախութիւն պատճառեցին դաշտին թրիպիւններուն վրայ գտնուող շուրջ հարիւր հայ համակիրներուն:

Իր արձանագրած այս շռնդալից յաղթանակէն ետք, այժմ հայրենի կազմը իր խմբակին մէջ նշանակած է ամէնէն աւելի շատ կոլերը` 17 կոլ:

Ռուսիա – Այիր մրցումը (0-0) եղաւ ի նպաստ Հայաստանի, այլապէս Ռուսիոյ յաղթանակին պարագային անիկա բաւական պիտի հեռանար եւ հինգ կէտով պիտի գերազանցէր Հայաստանը: Այժմ Ռուսիա ունի 17 կէտ, Այիր` 15, իսկ Հայաստան` 14:

Ստորեւ` Բ. խմբակին դասաւորումը.

 

ՄՐՑ. Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- Ռուսիա 8 5 2 1 10 4 17
2.- Այիր 8 4 3 1 11 6 15
3.- ՀԱՅԱՍՏԱՆ 8 4 2 2 17 7 14
4.- Սլովաքիա 8 4 2 2 6 8 14
5.- Մակեդոնիա 8 2 1 5 6 9 7
6.- Անտորրա 8 0 0 8 1 17 0

——————

 

 

Share this Article
CATEGORIES