ԷՐՏՈՂԱՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ԵՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՍԱՌԵՑՈՒՄ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը «ամբողջովին կը սառեցնէ» Իսրայէլի հետ զինուորական ճարտարարուեստին վերաբերող յարաբերութիւնները: Ան Անգարայի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ «ամբողջովին պիտի առկախենք առեւտրական եւ զինուորական յարաբերութիւնները, որոնք կը վերաբերին զինուորական ճարտարարուեստի մարզի յարաբերութեանց եւ այդ քայլին պիտի հետեւինք տարբեր միջոցներով»:
Էրտողան նշեց, որ «կրնայ Կազա այցելել», սակայն «յատուկ ծրագիրներ գոյութիւն չունին»: Ան ընդգծեց, որ այդ հարցով իր որոշումը պիտի տայ «Եգիպտոսի հետ երկխօսութենէն ետք»: Կը նախատեսուի, որ 12 սեպտեմբերին Եգիպտոս իր այցելութեան ընթացքին ան Գահիրէի հետ զինուորական գործակցութեան համաձայնութիւն մը, ինչպէս նաեւ տնտեսական երկկողմանի յարաբերութեանց վերաբերող համաձայնութիւն մը կնքէ:
Թուրքիոյ վարչապետը լրագրողներուն յայտնեց, որ իր երկիրը Իսրայէլի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրէ եւ «մեր նաւերը այդ ջուրերուն մէջ (Արեւելեան Միջերկրականի. «Ա.») աւելի յաճախակի պիտի երեւին»: Ան ըսաւ, որ «Իսրայէլ մինչեւ հիմա շփացած տղայի պէս կը վարուէր` կարծելով, որ պիտի կարենայ այդպէս շարունակել: Մենք յայտարարեցինք, որ միջազգային ջուրերուն մէջ տեղի ունեցած միջադէպը անմարդկային է եւ պետական ահաբեկչութիւն: Մեր պահանջներն էին` ներումի հայցում, փոխհատուցման վճարում եւ Կազայի շրջափակման վերացում: Անոնք ալ որոշ նախաձեռնութիւններու դիմեցին, եւ կարծես խնդիրը կը լուծուէր: Սակայն, երբ բանը հասաւ ներում հայցելուն, այնպէս եղաւ, որ մենք ալ ներում պէտք է հայցենք»:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք շրջանային պատերազմ մը բացառեց` յայտնելով, որ ինք չի տեսներ Իսրայէլի թշնամիներէն ոեւէ մէկը, որ կրնայ անոր դէմ ամբողջական պատերազմի նախաձեռնել: Իսրայէլի ներքին ճակատի հրամանատար զօր. Էյալ Էիսենպերկ երկուշաբթի գիշեր յայտարարած էր, որ արաբական աշխարհի մէջ տիրող իրավիճակն ու թուրք-իսրայէլեան յարաբերութեանց վատթարացումը Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի կրնայ առաջնորդել: «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ չեն: «Արաբական գարուն»ը կրնայ վերածուիլ «արմատական իսլամական ձմեռուան», որ իր կարգին շրջանային պատերազմի պատճառ կրնայ դառնալ», ըսած էր ան:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը համոզում յայտնեց, որ «որեւէ կողմ պիտի չհամարձակի Իսրայէլի դէմ մօտ օրէն կամ ապագային քիմիական զէնք օգտագործել` նկատի ունենալով այդպիսի քայլի մը հետեւանքները»:
Քաղաքական աղբիւրներ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն Թուրքիան համոզել Իսրայէլի հետ իր յարաբերութեանց վատթարացումը կասեցնելու: Աղբիւրը նշեց, որ Անգարայի հետ կապերը պիտի շարունակուին նաեւ եւրոպական կողմերու միջոցով:
Իսրայէլեան Քնեսեթի նախագահ Ռաուֆին Ռիվլին իր կարգին յայտնեց, որ «Թուրքիոյ հետ ներկայ տագնապը չի բխիր իսրայէլեան կառավարութեան վարմունքէն, այլ` թրքական ռազմավարութենէն»: Ան նշեց, որ «Իսրայէլ չի կրնար թրքական շահերուն համաձայն գործել, ինչպէս նաեւ Իսրայէլ Թուրքիան թշնամի երկիր չի նկատեր, որովհետեւ շրջանային խաղաղութեան պահպանման նման երկու ժողովուրդներու հասարակաց շահեր գոյութիւն ունին»:
Պաղեստինեան Համաս շարժումը ողջունեց Էրտողանի Կազա այցելելու մտադրութիւնը` յոյս յայտնելով, որ այցելութիւնը շուտով տեղի ունենայ: Շարժումը նաեւ ողջունեց Իսրայէլի հետ զինուորական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները սառեցնելու Թուրքիոյ որոշումը, որուն կը զօրակցի: