ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ՍՈՒՐԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ
Երէկ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի Սուրիա կատարելիք այսօրուան այցելութիւնը յետաձգուած է:
Մինչ այդ, Արապի երէկ Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «վաղը (այսօր) հանդիպում պիտի ունենամ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, անցեալ ամսուան վերջաւորութեան տեղի ունեցած արաբ նախարարներու արտակարգ ժողովին կողմէ ստացած լիազօրութեան հիմամբ անոր ներկայացնելու համար սուրիական տագնապը լուծելու արաբական նախաձեռնութիւնը»:
Պատասխանելով յուլիսին կատարած իր այցելութեան եւ այսօրուան այցելութեան տարբերութեան մասին հարցումի մը` Արապի ըսաւ, որ «առաջին այցելութիւնը Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածին նկատմամբ յարաճուն մտահոգութիւն յայտնելու համար էր, իսկ վաղուան այցելութիւնը Արաբական լիկայի լիազօրութեամբ` Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածին շուրջ, ինչպէս նաեւ բռնարարքները դադրեցնելու եւ անմիջական բարեփոխումներ կատարելու կարեւորութեան վերաբերեալ սուրիական վարչակազմին յստակ պատգամ մը փոխանցելու համար է»:
Ամր Մուսա իր կարգին յայտնեց, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարին Դամասկոսի մէջ այսօրուան առաքելութիւնը «շատ նուրբ եւ զգայուն է»:
Նշենք, որ ըստ լոնտոնեան «Հայաթ» եւ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթերուն, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը իրեն հետ Դամասկոս պիտի տանէր Սուրիոյ տագնապը լուծելու նախաձեռնութիւն մը, որուն առաջադրած կէտերուն շարքին էր` 2014-ին նախագահական ընտրութիւններ կատարել, բանակը քաղաքական եւ քաղաքային կեանքին միջամուխ չդարձնել, բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնել, բռնարարքներէն տուժածներուն հատուցում կատարել եւ բոլոր ձերբակալեալները ազատ արձակել:
Միւս կողմէ, քուէյթեան «Քոնա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահի մամլոյ եւ քաղաքական հարցերու խորհրդական Պուսայնա Շաապան 10 սեպտեմբերին Մոսկուա կ՛այցելէ` ռուս պաշտօնատարներու հետ շարք մը հանդիպումներ ունենալու համար: Կը նախատեսուի, որ ան հանդիպումներ ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն, Տումայէն եւ Դաշնակցային խորհուրդէն պաշտօնատարներու հետ:
«Խապըրնի» լրատու կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ հիւսիսային Յորդանանի Ռասմա նահանգին մէջ երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին իրենց երկրին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններէն փախուստ տուած սուրիացի գաղթականներու եւ յորդանանեան ապահովական ուժերու միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են, որովհետեւ սուրիացիները մերժած են իրենց գաղթակայանին մօտ յորդանանցի ոստիկաններու հսկողութեան հաստատումը:
Մինչ այդ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք անդրադառնալով Սուրիոյ կացութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ վարչակարգին յարատեւութիւնը այլեւս սահմանափակ է եւ այդ վարչակարգին ճակատագիրը այլեւս վճռուած է: