ՕՀԱՆԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԼԵՀԱՍՏԱՆ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Լեհաստան:

Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հաղորդեց, որ այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են Սէյրան Օհանեանի հանդիպումները Լեհաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Թոմաշ Սիմոնեաքի, արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքիի, Ազգային անվտանգութեան գրասենեակի ղեկավար Սթանիսլաւ Քոզիեչի եւ խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Սթանիսլաւ Վզեաթեքի հետ:

Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Քիելցիի մէջ տեղի ունենալիք զինուորական արդիւնաբերութեան 18-րդ միջազգային ցուցահանդէսին:

Պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը 9 սեպտեմբերին պիտի վերադառնայ Հայաստան:

Share this Article
CATEGORIES