ՀԱՒԱՍԱՐ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ

Սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի պետական համալսարանին եւ Հայկազեան համալսարանին միացեալ կազմակերպումով այս օրերուն Լիբանանի մէջ գումարուող գիտաժողովի նիւթը խիստ այժմէական հնչեղութիւն ունի: Արծարծուած խնդիրներու համահայկական հնչեղութիւնը կ՛ընդգծէ շեշտուող հրամայականը` Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան դաշտը կայացնելու:

Փորձերը շատ են. առնուած քայլերը հայրենիքէն զգալիօրէն առատ, սփիւռքեան ընդառաջումները նկատառելիօրէն` արագ եւ անմիջական: Անհրաժեշտութիւնը բազմակողմանիօրէն կը զգացուի ամէն քայլափոխի: Սփիւռքի նախարարութեան հիմնումը, երկքաղաքացիութեան օրէնքի մշակումը, հայրենի թէ սփիւռքեան մասնագէտներու համախմբումները, համահայկական խաղերու կազմակերպումը, կրթական ոլորտին վերաբերող գործակցութիւններն ու համահայկական համաժողովները կը շեշտեն դէպի սփիւռք քաղաքականութիւն կիրարկելու պետական վարքագիծին աշխուժութիւնը:

Տակաւ սկսած են ուրուագծուիլ նաեւ նոր կառուցակարգումները: Նման համագործակցութիւնները ղեկավարելու կոչուող համակարգող խորհուրդները ինչպէս հայրենիքէն, այնպէս ալ սփիւռքէն տարրեր կը ներգրաւեն իրենց աշխատանքներուն:

Խնդիրը, որ նման գիտաժողովներու եւ համաժողովներու քննարկումներու ընթացքին կը դրուի, համահաւասար գործընկերութեան սկզբունքի պահպանումն է: Այս սկզբունքի իրականացման համար կը գիտակցուի փաստօրէն, որ որոշման գործընթացներուն մասնակից դառնալու մեքենականութիւններու ճշդումը ելակէտային նշանակութիւն ունի այս պարագային:

Համասփիւռքեան ծրագիրներու մշակման կամ հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեան համար նախագիծերու, ծրագիրներու, աշխատանքային փաստաթուղթերու ամրագրման համար սփիւռքի ներդրումը աւելի քան անհրաժեշտ է: Խնդիրը սփիւռքի լիարժէք ներկայացուածութեան կը վերաբերի: Տակաւին սփիւռքը ինքն իր մէջ կազմակերպուելու, համախմբուելու եւ իրաւական-իրողական ներկայացուցչութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան առջեւ է:

Այս առաջադրանքները նոր չեն: Ուշանալը զգալի հետեւանքներ կրնայ ձգել: Արագութեան ժամանակներ են եւ արագակշռոյթ փոփոխութիւններու ներկայ դարը յապաղումները չ՛ըմբռներ: Տարբեր ոլորտներու համար միացեալ ու համակարգաւորուած մեքենականութիւնները պէտք է ձեւաւորուին, բանին ու արտադրեն, անյետաձգելիօրէն:

Այս անհրաժեշտութիւնը միայն ներազգային նշանակութիւն չունի: Արտաքին ճակատի վրայ թրքական եւ ազրպէյճանական միջպետական համագործակցութիւնը, թրքական եւ ազրպէյճանական սփիւռքներու կազմակերպման փորձերը յաւելեալ պարտադիր հանգամանքներ կը ներկայացնեն մեզի աճապարելու:

Սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի պետական համալսարանի եւ Հայկազեան համալսարանի միացեալ այս նախաձեռնութիւնը նման առաջադրանքներու մասին մտածել կու տայ յստակ հունաւորումներով: Հայեցակարգային, խորհրդակցական, քննարկումներու եւ բանաձեւումներու առընթեր միացեալ ծրագիրները, նախագիծերը եւ մանաւանդ կառուցակարգումները արդիւնաւէտ կը դառնան, երբ որոշման գործընթացներուն մէջ կը կիրարկուի հայրենիք-սփիւռք եւ այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք համահաւասար գործընկերութեան սկզբունքը:

Հայկազեան համալսարանին մէջ կայացած գիտաժողովը այս առումով կրնայ ուղենշային հանգամանք ունենալ:

Share this Article
CATEGORIES