ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պատրաստ չէ մաս կազմելու այնպիսի կառավարութեան մը, որ ժողովուրդին ձգտումներուն չի փափաքիր անսալ:
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ապահովութեան յանձնառու մնալու մասին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կատարած յայտարարութիւնները ողջունելի են եւ դրական:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ երեկոյեան կատարած են շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքական որեւէ նոր տագնապի մը առաջքը առնել:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը կը շարունակէ Ֆաթիմայի դարպասին դիմաց իր դիրքերը ամրացնել:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ այսօրուան նիստին ընթացքին կառավարութեան կողմէ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը չվաւերացուելու պարագային, կառավարութիւնը որոշած կ՛ըլլայ հրաժարիլ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը հեռու պահելու քաղաքական տարակարծութիւններէն:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս ընդգծեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին մասնատումը խիստ մերժելի է` աւելցնելով, որ կառավարութեան վաղուան նիստին ընթացքին այդ ծրագիրին վաւերացման համար կրնայ քուէարկութիւն կատարուիլ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ կառավարութիւնը ի
վիճակի չէ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին մէկ միլիառ 200 միլիոն տոլար տրամադրելու:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Սելիմ Քարամ յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վերաբերող տարակարծութիւնները կարելի պիտի ըլլայ լուծել մինչեւ այսօր գումարուելիք կառավարութեան նիստը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել ընդունեց նախկին նախարար Զիատ Պարուտը, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պարուտ բարձր գնահատեց Շարպելի աշխատանքը` շեշտելով, որ ինք յանձնումի եւ ստանձնումի օրէն իսկ կը շարունակէ գործակցիլ նախարարին հետ եւ օժանդակել նախարարութեան աշխատանքներուն: