«ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՍԱԿԱՐԿՈՒՄԻ ԱՌԱՐԿԱՅ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

Համախմբումի նիստին պահուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն,  երէկ Ռապիէի մէջ նախագահելէ ետք համախմբումի ընթացիկ նիստին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համախմբումը ոչ մէկ ձեւով համաձայն է, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման թղթածրարը սակարկութեան առարկայի վերածուի: Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան մէջ այդ ծրագիրին նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերումը կը միտի շրջափակել Ազգային ազատ հոսանքը:

Զօր. Աուն նշեց, որ այլեւս յստակ չէ, թէ իրեն համար ո՛վ ընկեր է եւ ո՛վ ընկեր չէ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը հաստատեց, որ իրենց նպատակը երկրին մթութիւնը խզել է եւ ոչ թէ ապօրինութիւն կատարել` աւելցնելով, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին զօրակցեցաւ նոյնիսկ Մուսթաքպալ հոսանքը:

Զօր. Աուն անդրադառնալով Քարամի ձերբակալութեան եւ անոր խոստովանութիւններուն յայտնեց, որ ինք անակնկալի եկած էր եւ շշմած, թէ ինչո՞ւ Քարամ առաջին իսկ վայրկեանէն գնդ. Ուիսամ Հասանին պիտի խոստովանի, որ ինք մեծ սխալ մը գործած է, որ ինք գործակալ է եւ երբեք հերոս չէ: Զօր. Աուն շեշտեց, որ Քարամի դէմ անպայման ուժ բանեցուած է եւ զայն շանթաժի ենթարկած են, որպէսզի նման «վկայութիւններ» տայ:

Այս բոլորին կողքին, զօր. Աուն հարց տուաւ, թէ ո՞վ իրաւունք ունի Քարամի հարցաքննութեան եւ անոր մասին կատարուած հետաքննութեան թղթածրարին ամբողջ արխիւը փճացնելու, երբ տակաւին Քարամի դատավարութիւնը չէ աւարտած: Ան նկատել տուաւ, որ նման փաստաթուղթեր փճացնելու համար թերեւս նաեւ կարիքը կար դատական որոշումի:

Զօր. Աուն հաւանական նկատեց նաեւ, որ Քարամ ենթարկուած ըլլայ ասեղներու, որոնց ազդեցութեան տակ ան կատարած է անճիշդ վկայութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES