ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՔԸՐԹՊԱՈՒԻՆ ԵՒ ԴԱՏԱԿԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԸ

Նախագահ Սլէյման` արդարութեան նախարարին եւ դատական մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հաստատեց, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները պետութեան բազկերակը կը նկատուին` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը կարելի է հիմնել միայն օրէնքին վրայ:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ արդարութեան համար պէտք է լուռ աշխատիլ եւ գիտակցութեամբ արտայայտուիլ:

Նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնները կատարեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի, Պետական շաուրայի եւ Պետական հաշուեքննիչ խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին:

Հանդիպումին ընթացքին Քըրթպաուի շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն ժողովուրդին եւ իրենց միջեւ վստահութիւնը վերահաստատելու:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն եւ Ֆայեզ Շքըր, որոնք գնահատեցին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ գործակցութիւնը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի նախագահ Ռոժէ Նասնաս:

Share this Article
CATEGORIES