«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը (www.aztagarabic.com) արդէն իսկ թարմացուած է նոր նիւթերով:
Սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբթուան ընթացքին կայքէջը հարստացած է 16 նիւթերով: Խմբագրականը կը կրէ «Ղարաբաղի անկախութեան 20-ամեակին շուրջ եզրակացութիւններ» խորագիրը:
«Յօդուածներ» բաժինին մէջ կը կարդանք Սուրիոյ վերջին իրադարձութեանց շուրջ թրքական կեցուածքին գծով արաբական մամլոյ շաբաթական տեսութիւնը եւ «Տար Խալիժ»էն յօդուած մը` «Հայաստանի թրքական սուրճը» խորագիրով:
«Լուրեր» բաժինին մէջ տեղադրուած են նոր նիւթեր` Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին, Ղարաբաղ այցելողներու թիւին աւելնալուն, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 20-ամեակի տօնակատարութեանց նախապատրաստութեան եւ Թուրքիոյ կործանարար դերակատարութեան վերաբերեալ «Մուրապիթուն» շարժումի յայտարարութեան մասին:
«Կիզակէտ» բաժինին մէջ կան կարգ մը հետաքրքրական նիւթեր, ինչպէս` «Թուրքիոյ կողմէ եկեղեցական գոյքի վերադարձը միջազգային հանրութեան ուշադրութեան շեղում է», «Գերմանիոյ մէջ ազրպէյճանցիները կը կանխարգիլեն Ղարաբաղի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկները», եւ այլն:
Նոր թարմացումներուն մէջ կը կարդանք նաեւ հետաքրքրական այլ նիւթեր:

