ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՅԺՄ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Երբ կ՛ըսենք` Հայոց ցեղասպանութիւն, միշտ կը յիշենք 1915 ի դէպքերը, բայց երբեք չենք անդրադառնար, որ Ցեղասպանութիւնը առայժմ կը շարունակուի իր բոլոր սաստկութեամբ: Սփիւռքի մէջ կը գործեն բազմաթիւ հայկական կազմակերպութիւններ, որոնք մեծ ջանք կը թափեն, որպէսզի 1915-ի պատահարները ընդունուին իբրեւ ցեղասպանութիւն բայց բաւական ջանք չի թափուիր, որպէսզի մեր ազգը փրկուի առայժմ գործադրուող ցեղասպանութենէ: 1915-ի պատահարները չյաջողեցան մեր ազգը բնաջնջել` շնորհիւ մեր պապերուն զօրաւոր կամքին ու անոնց մեր ազգին, լեզուին, աւանդութիւններուն եւ մեր մշակոյթին հանդէպ ունեցած հաւատարմութեան: Մեր պապերը իրենց ապրած դժնդակ պայմաններու մէջ քաջութիւնը ունեցան մեր ազգը փրկելու բնաջնջումէ մը: Անոնք չուրացան իրենց լեզուն եւ իրենց հաւատքը, բայց մենք հիմա մեր ապրած հանգիստ եւ արդիական աշխարհին մէջ մեր ազգը կ՛առաջնորդենք դէպի կէս մնացած ցեղասպանութեան աւարտին, որ կը վախնամ, թէ պիտի ըլլայ առաջուանէն շատ աւելի քանդիչ:

Մայրենի լեզուի նահանջը, մշակութային արժեքներուն մեր նոր սերունդներու համար իրենց կարեւորութիւնը կորսնցնելը եւ խառն ամուսնութիւնները այս կացութեան մեծագոյն պատճառներն են: Ատենօք հայ մշակոյթի զօրաւոր բերդերէն մէկը եղող պոլսահայութեան մօտ ներկայիս վիճակը իսկապէս շատ ցաւալի է: Հայերէնը իրենց մայրենի լեզուն ըլլալը ընդունողներուն թիւը մեծ արագութեամբ կը պակսի: Մեր երիտասարդները այլեւս հայերէն խօսիլ չեն ուզէր: Պոլսոյ մէջ կատարուած եւ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ հրատարակուած վերջին մէկ վիճակագրութեան համաձայն, Պոլսոյ հայ համայնքին միայն 19 տոկոսը հայերէնը կը գործածէ խօսակցութեան ժամանակ: Իսկ 14 – 24-ի տարիքի մէջ եղող երիտասարդներու մէջ այս թիւը կ՛իջնէ մինչեւ 9 տոկոսի: Հայերէնը այլեւս տարիքոտներու լեզուի մը վերածուած է մեր համայնքին մէջ:Իսկ խառն ամուսնութիւններու վիճակն ալ նոյնքան մտահոգիչ է: Մեր ամէն հինգ երիտասարդէն երեքը օտարի հետ կ՛ամուսնանայ: Այս կացութիւնը շատ աւելի յուսահատական է սփիւռքահայութեան մէջ, մանաւանդ` այն սփիւռքահայերուն մէջ, որոնք կ՛ապրին արեւմտեան քրիստոնեայ երկիրներու մէջ:

Որոշ սփիւռքահայերու մէջ կայ մտայնութիւն մը, որ երբ իրենց հետ զրուցէք, իրենք ալ կ՛ընդունին, որ չեն խօսիր իրենց մայրենի լեզուն եւ կամ` ամուսնացած են օտարներու հետ, բայց իրենք զինենք արդարացնել կը ջանան ըսելով թէ իրենք գոնէ կը խօսին օտար լեզուներ, բայց ոչ` թրքերէն, ինչպէս կ՛ընեն պոլսահայերը: Կամ` կ՛ընդունին, թէ կ՛ամուսնանան օտարներու հետ, բայց անոնք քրիստոնեայ են, այլ ոչ թէ` իսլամական դաւանանքի պատկանող թուրքեր: Ըստ իս, ասիկա շատ սխալ եւ խաբուսիկ պատճառաբանութիւն մըն է: Մենք ազգ մըն ենք, որ օրէ օր կը նուազինք: Ծննդաբերութեան աստիճանը մեր ազգին մէջ շատ ցած է, եւ ոչ մէկ յոյս կայ, որ ապագային կացութիւնը բարելաւուի. ընդհակառա՛կը, օրէ օր աւելի կը վատանայ: Նկատի առած այս վտանգաւոր վիճակը` ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, թէ հայ մը ամուսնացեր է քրիստոնեայ օտարի մը հետ, այլ ոչ թէ` իսլամական թուրքի մը կամ արաբի մը հետ:Կամ ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, թէ հայ մը կ՛ուրանայ իր մայրենին ֆրանսերէնով, անգլերէնով կամ իտալերէնով, այլ ոչ թէ` թրքերէնով:

Երբ այսպէս ըսեմ, որոշ անձեր զիս կը մեղադրեն ազգայնամոլութեամբ, բայց ասիկա ազգայնամոլութիւն չէ: Պէտք է այս նիւթին մօտենալ ընկերաբանական տեսանկիւնէ, այլ ոչ թէ` զգացապաշտութեամբ: Եթէ մեր ազգն ալ ըլլար 70-80 միլիոն հաշուող ազգ մը, որ օրէ օր կ՛աճի ու կը բազմանայ, շատ մեծ կարեւորութիւն պիտի չունենային ժողովուրդին մէկ մասին կնքած խառն ամուսնութիւնները կամ ժողովուրդին մէկ մասին իր մայրենի լեզուէն հեռանալը: Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ կազմակերպութեան մէկ տեղեկագրին արեւմտահայերէնը մօտ ապագայի մը մէջ կորսուելու վտանգի հետ դէմ դիմաց կը գտնուի: Արեւելահայերէնն ալ շատ աւելի փայլուն վիճակի մէջ չի գտնուիր, մանաւանդ հիմա, որ Հայաստանի մէջ օտարալեզու վարժարաններուն հաստատման արտօնութիւն տրուեցաւ: Ասկէ զատ, ըստ հայ մամուլի տուեալներուն, Հայաստանի բնակչութեան մէկ երրորդը իր հայրենիքէն գաղթած է, եւ այս թիւը օրէ օր կը բարձրանայ: Հայ գործարարները Վրաստան կը փոխադրեն իրենց դրամագլուխը: Վրաստանի մէջ հայ գործարարներուն թիւը 2010-ի ընթացքին հասած է 100-ի: Հայկական ընկերութիւններու զանգուածային փախուստը դէպի Վրաստան` պատճառ կը դառնայ, որ Հայաստան օր է օր աւելի աղքատանայ:

Այս տարի ալ, նախորդ տարիներուն նման 24 ապրիլը ոգեկոչուեցաւ եւ ցոյցեր կատարուեցան զանազան երկիրներու մէջ գտնուող թրքական հիւպատոսարաններու առջեւ: Այդ ցոյցերը կատարող եւ «Ցեղասպանութիւն» պոռացող հայերը երբեւիցէ կը մտածե՞ն արդեօք, թէ իրենք ալ կարելի է, որ առանց անդրադառնալու` այդ ցեղասպանութիւնը իրականացնողներու շարքին մաս կը կազմեն:Անոնց մեծամասնութիւնը իր մայրենի լեզուն չի խօսիր, ամուսնացած են օտարներու հետ:Հայութեան հետ իրենց ունեցած միայն կապը «Ցեղասպանութիւն»ն է :

Գիտեմ, թէ այս վերջին գրածս շատ ծանր արտայայտութիւն մըն է, շատեր պիտի չհամաձայնին գրածիս եւ պիտի բողոքեն, բայց դժբախտաբար իրականութիւն մըն է ասիկա: Ցեղասպանութիւնը միայն սպաննելով չէ, որ կ՛իրագործուի, այլ առանց մարդ սպաննելու ալ կարելի է իրագործել շատ կատարեալ ցեղասպանութիւն մը: Ցեղասպանութիւն մը իրագործելու համար բաւարար է ցեղը կոտորել, ցեղը անհետացնել, այդ ազգին պատկանած մշակոյթը, խօսած լեզուն անհետացնել: Իսկ այլասերումը կատարեալ ցեղի անհետացում մը` «սպիտակ Ցեղասպանութիւն» մըն է: Կամովին կամ բռնի, բան մը չի տարբերիր:

Մենք միշտ կը պարծենանք, որ կը պատկանինք 3000 տարի է աւելի հին պատմութիւն ունեցող ազգի մը. իսկ ի՞նչ մնացած է հիմա այս 3000 տարուան պատմութիւնէն մեր նոր սերունդներուն համար: Երբ երիտասարդի մը հարցնէք, թէ՞ ինչ գիտէ հայոց պատմութիւնէն, ձեզի պատմելիք միակ բանը Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի ըլլայ: 3000 տարուան հարուստ պատմութիւնէ մը պատմելիք մնացած է միայն քանի մը տարուան ողբերգութիւն մը:

Հարկաւ թէ միշտ պիտի յիշենք մեր պապերուն կրած տառապանքը, անոնց նահատակութիւնը, անոնց` մեր ազգին եւ մշակոյթին գոյատեւման համար ըրած մեծ զոհողութիւնը: Բայց մեր նահատակները յարգելու համար բաւարար չէ յիշել միայն անոնց նահատակութիւնը, անոնց ողբերգութիւնը, այլ մասնաւորապէս պէտք է յիշենք, որ անոնք նահատակուեցան, որովհետեւ կը պատկանէին այն կրօնին, որուն կը պատկանինք նաեւ մե՛նք: Անոնք նահատակուեցան, որովհետեւ կը խօսէին հայերէն եւ կը պատկանէին հայ մշակոյթին, որովհետեւ հայ էին: Որովհետեւ անոնք չընդունեցին ուրանալ իրենց լեզուն, մշակոյթը եւ կրօնը: Անոնք այդ դժնդակ պայմաններուն մէջ, իրենց կեանքի գնով մեզի փոխանցեցին այն լեզուն եւ մշակոյթը, որ ժառանգած էին իրենց պապերէն:

Իսկ մենք հիմա մեր ապրած աշխարհիս ժողովրդավարական եւ մարդկային իրաւունքները յարգող արեւմտեան քրիստոնեայ երկիրներուն մէջ, հանգիստ պայմաններու տակ կ՛ուրանանք ու կը հեռանանք մեր մայրենի լեզուէն, մեր մշակոյթէն, միայն այն անըմբռնելի պատճառին համար, որ մենք կը ծուլանանք խօսելու մեր մայրենի լեզուն: Կը նախընտրենք խօսիլ օտար լեզուներ, որովհետեւ հայերէն խօսիլը մեզի դժուար կու գայ: Ո՞րն է արդեօք աւելի դժուարը :

1915-ի մեր նահատակները յիշելու համար բաւարար չէ միայն անոնց սպանդին դէմ բողոքել: Զանոնք յիշելու համար պէտք է որ պահպանենք այն արժէքները, որոնք անոնց նահատակութեան պատճառ եղան` որոնք էին` լեզուն, կրօնը եւ մշակոյթը: Ապա թէ ոչ մենք ալ այդ ցեղասպանութիւնը իրականացնողներու ուղղութեան գործած կ՛ըլլանք:

ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶ

4 Մայիս 2011, Պոլիս

Share this Article
CATEGORIES