ԻՐԱՆ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ՕՏԱՐ ՈՒԺԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Իրան սէուտական ուժերու Պահրէյն մուտք գործելը երէկ անընդունելի նկատեց եւ Պահրէյնին կոչ ուղղեց` ժողովրդավարութեան ձգտող ցուցարարներուն խաղաղ կերպով եւ առանց օտար միջամտութեան հակազդելու:
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ վեց երկիրներուն շիի մեծամասնութեան կողմէ ցոյցերուն դէմ Պահրէյնի սիւննի իշխանութեան օժանդակելու ջանքերուն ծիրին մէջ երկուշաբթի օր զրահապատ եւ ջրաձիգ մեքենաներով շուրջ հազար սէուտցի զինուորներ մուտք գործեցին Պահրէյն:
Վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ Սէուտական Արաբիոյ քայլը Իրանի հետ լարուածութիւնը կրնայ բարձրացնել վտանգաւոր մակարդակներու:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամի Մեհմանփարաստ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «օտար ուժերու ներկայութիւնը եւ անոնց կողմէ Պահրէյնի ներքին գործերուն միջամտութիւնը անընդունելի է եւ հարցը աւելի պիտի բարդացնէ»:
Մեհմանփարաստ «անտեղի» նկատեց Իրանի կողմէ Պահրէյն ուժերու ուղարկման վերաբերեալ հարցում մը: «Հիմնականին մէջ մենք օտար երկիրներուն ներկայութիւնն ու Պահրէյնի հարցին մէջ միջամտութիւնը` մասնաւորաբար Պարսից ծոցի շրջանի երկիրներուն կողմէ, ճիշդ չենք նկատեր: Այդպիսի միջամտութիւն մը, ճնշումի բարձրացումը եւ բուռն ճակատումը ժողովուրդին օրինական պահանջներուն լուծում մը չէ», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Պահրէյն հակազդելով Իրանի յայտարարութեան տուն կանչեց Իրանի մէջ իր դեսպանը:
Միւս կողմէ, Պահրէյնի թագաւորը երէկ երկրին մէջ երեք ամիս տեւողութեամբ եւ վերստին երկարաձգելի «ազգային ապահովութեան արտակարգ դրութեան կացութիւն» յայտարարեց:
Ապահովական գետնի վրայ հազարաւոր պահրէյնցիներ ցոյց մը կատարեցին Մանամայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիմաց` բողոքելով այդ երկրին զինուորական միջամտութեան դէմ: Արեւելեան Սեթրա քաղաքին մէջ հարիւր ցուցարարներ վիրաւորուեցան, երբ պահրէյնեան ապահովական ուժեր յարձակում գործեցին ցուցարարներուն վրայ: Մինչ այդ, ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան, մայրաքաղաք Մանամայի մէջ սէուտցի զինուոր մը կրակ բանալով սպաննեց շիի ցուցարար մը: