ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Զուիցերիոյ համադաշնակցութեան նախագահ Միշլին Քալմի Ռէյ Ազրպէյճան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ երէկ Պաքուէն մեկնելով այցելեց Նախիջեւան:
Քալմի Ռէյ Ազրպէյճան հասած էր 13 մարտին եւ երէկ Նախիջեւան ժամանելով աւարտեց իր այցելութիւնը: Զուիցերիոյ նախագահը պիտի այցելէ նաեւ Հայաստան, ուր պիտի կայանայ Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան բացումը:
CATEGORIES Միջազգային

