ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Լեֆոր եւ Նալբանդեան` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան նոր նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:

Նախագահը շնորհաւորեց Ֆիլիփ Լեֆորը վերջինիս նշանակման առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ անոր դիւանագիտական հարուստ փորձը եւ Հարաւային Կովկասի մասին տեղեակ ըլլալը օգտակար ըլլան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ: Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի համագործակցութեան զարգացումը եւ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնն ու փորձը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս երէկ ընդունեց Ֆիլիփ Լեֆորը:

Շնորհաւորելով զայն Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնին նշանակուելու առիթով` Էդուարդ Նալբանդեան համոզում յայտնեց, որ ատիկա պիտի նպաստէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման:

Է. Նալբանդեան նաեւ նշեց, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները մշտապէս հանդիսացած են Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնային ուղղութիւններէն եւ առանձնակի ուշադրութեան արժանացած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխադարձ գործակցութեան ծիրին մէջ ներառուած բոլոր մարզերը, որոնց իբրեւ արդիւնք կողմերը տարուէ տարի կ՛արձանագրեն նորանոր ձեռքբերումներ` յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելով:

Ֆիլիփ Լեֆոր իր կարգին եւս գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ուժականօրէն զարգացող յարաբերութիւններուն մէջ համագործակցութեան նոր հեռանկարներու բացման առիթով:

Զրուցակիցները անդրադարձան Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ ընթացող բանակցութիւններուն` նշելով, որ վերջին շրջանին զգալի յառաջընթաց արձանագրած են: Է. Նալբանդեան եւ Ֆ. Լեֆոր անդրադարձան նաեւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն եւ քննարկեցին մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման եւ խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման վերաբերեալ բանակցութիւններու սկիզբի նախապատրաստական աշխատանքները:

Կողմերը կարեւոր նկատեցին սեպտեմբերի աւարտին Վարշաւայի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի կայացումը եւ անդրադարձան անոր նախապատրաստման:

Զրուցակիցները քննարկեցին արցախեան հիմնախնդիրի լուծման վերջին զարգացումները: Այս ծիրին մէջ Ֆիլիփ Լեֆոր Եւրոպական Միութեան անունով աջակցութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ներքեւ հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ջանքերուն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ նալբանդեանի հետ հանդիպումէն ետք երկու պաշտօնատարները տուին մամլոյ ասուլիս մը:

Ասուլիսին ընթացքին նախարար Էդուարդ Նալբանդեան անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամութեան համար Ազրպէյճանի ներկայացուցած դիմումին:

«Շատերու մօտ կը յառաջանայ այն հարցումը, որ ռազմատենչ քաղաքականութեան եւ պատերազմի քարոզչութեամբ երկիր մը, որուն ղեկավարութիւնը կը պարծենայ զինուորական պիւտճէն 6 տարուան ընթացքին 20 անգամ աւելցնելու հանգամանքով, երկիր մը, որ ուժի կիրարկման սպառնալիքը դարձուցած է քաղաքականութեան կարեւոր մաս մը եւ փաստօրէն կը սպառնայ խաղաղութեան, ինչպէ՞ս կրնայ յաւակնիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ դառնալուն, եւ ասիկա այն պարագային, երբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի գլխաւոր նպատակը եւ խնդիրը խաղաղութեան հաստատումն է, պահպանումը եւ ամրապնդումը», ըսաւ Էդուարդ Նալբանդեան:

Նալբանդեան աւելցուց, որ այդ դիմումին հետ կապուած այլ հարցեր ալ կը ծագին: Ըստ անոր, օրինակ` Ազրպէյճանը, որ բանակցութիւններ կը վարէ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ եւ Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ դառնալու պայքարին մէջ դէմ դուրս եկաւ Եւրոպական Միութեան երկու անդամ երկիրներու` Հունգարիոյ եւ Սլովենիոյ, ըսելով, որ Եւրոպական Միութեան այդ երկու անդամները չեն կրնար աւելի լաւ կատարել այն, ինչ որ Ազրպէյճան կրնայ կատարել, եւ Եւրոպական Միութեան ոչ անդամ երկիրները կը ներկայացնէ այն ձեւով, որ աւելի լաւ է Եւրոպական Միութեան ոչ անդամ երկիր ըլլայ ընտրուած անդամը, քան թէ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր: Այս առնչութեամբ շատ հարցեր կրնան ծագիլ, բայց արդէն որոշ երկիրներու պատասխանատուութեան հարցն է` արդեօք իրենք իրենց ձայնը պիտի տա՞ն Ազրպէյճանին, թէ՞ ոչ: Բայց մէկ բան յստակ է, որ Ապահովութեան խորհուրդի հեղինակութեան ատիկա որեւէ բան չ՛աւելցներ, նշեց Նալբանդեան:

Ֆիլիփ Լեֆոր իր կարգին յայտարարեց, որ ուրախ է իր առաքելութեան համար` ընդգծելով, որ իր ստանձնած պաշտօնը ինքնին կը խօսի Եւրոպական Միութեան կողմէ Հարաւկովկասեան շրջանը մեծապէս կարեւոր նկատելու մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES