ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս երէկ փրկուեցաւ արկածէ մը: Պազուրիէի մէջ երեսփոխանին ինքնաշարժին մէջ անակնկալ կերպով բռնկած էր հրդեհ մը, որ սակայն մարդկային վնասներ չէր պատճառած:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի Քֆարքիլա շրջանին դիմաց գտնուող եւ բռնագրաւուած լիբանանեան հող նկատուող Ռայաք զինուորական խարիսխին մօտակայքը երէկ նշմարուեցան 50 իսրայէլացի զինուորներ:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժեր խստացուցին Ֆաթիմայի դարպասին մօտ իրենց հսկողութիւնը, իսկ իսրայէլեան օդուժը անդադար թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ եւ կեղծ յարձակումներ կատարեց Պընթ Ժպէյլի վրայ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ անպայման կարելի է ելեկտրականութեան ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան յանգիլ:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին քուէարկութիւն կատարուելու պարագային, ինք պիտի քուէարկէ ի նպաստ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին` նկատի ունենալով, որ այդ ծրագիրը ամբողջական է:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ զինուորական օդանաւ մը երէկ առաւօտեան Օմանէն ժամանեց Պէյրութ` յատուկ առաքելութեամբ մը: Կը նախատեսուէր, որ նոյն օդանաւը երեկոյեան մեկնէր Պէյրութէն, սակայն անոր առաքելութեան մասին ոչինչ յայտնուեցաւ, իսկ այդ օդանաւին մէջ գտնուող 9 անձերուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցուեցաւ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ իրենք պիտի չսակարկեն որեւէ թղթածրարի համար` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կը ցանկար զօր. Ֆայեզ Քարամի անպարտ հռչակումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ մեկնեցաւ Ժետտա:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց հարաւի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ գործուելիք հաւանական արարքներէ:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը պահանջեց, որ Լիբանան անմիջապէս ամբողջացնէ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլան դէպի սադրանք կարելի պիտի չըլլայ առաջնորդել: Ան աւելցուց, որ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազը բոլորին կուրծքը զարդարող պատուոյ շքանշան է: