ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Զօր. Քահուաժին` ամերիկեան պատուիրակութեան հետ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն կ՛ընկերակցէին ամերիկեան բանակի մասնայատուկ ուժերու հրամանատար զօր. Ճոզըֆ Ֆոթըլ եւ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան զինուորական կցորդ զօր. Փոլ Ռոս:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին եւ ամերիկեան ուժերուն միջեւ զինուորական գործակցութեան հեռանկարները:

Share this Article
CATEGORIES