ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ»
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան երէկ երեկոյեան այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցութիւն ունեցաւ տնօրէնութեան հետ:
Սասունեան կարճատեւ այցելութեամբ ժամանած է Լիբանան` ներկայ գտնուելու համար ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կազմակերպած` Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութեանց վերաբերեալ իր յօդուածներուն արաբերէն հատորի շնորհահանդէսին:
Տնօրէնութեան հետ խորհրդակցութիւնները կը վերաբերէին հայ մամուլին դիմագրաւած նորօրեայ մարտահրաւէրներուն:
CATEGORIES Գաղութային