ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԵՐ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՀԵՏ

Վեր. Գարակէօզեանին հետ հանդիպումէն պահ մը

Լիբանան գտնուող Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան հեռանկարները: Հայաստանի սփիւռքի նախարարը ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները:

Քննարկուեցան նաեւ 19-20 սեպտեմբերին Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:

Հանդիպումին ներկայ կը գտնուէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեան եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Արթուր Թումանեան:

Share this Article
CATEGORIES