50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (9 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՂԱՒԱՐԸ»

Մոսկուայի ժողովրդական տնտեսութեան ցուցահանդէսին մէջ Հայաստան իր մնայուն տաղաւարը ունի տարիներէ ի վեր: Ներկայիս աշխատանքներ կը կատարուին ընդարձակելու համար հայկական տաղաւարը, որ նախկին երկու սրահներուն տեղ ինը սրահներ պիտի ունենայ, 1600 քառակուսի մեթր մակերեսով: Երկուքը պիտի պարփակեն եօթնամեակի առաջին երեք տարիներուն Հայաստանի արձանագրած յաջողութիւնները` արդիւնաբերութեան, գիտութեան, փոխադրութեան, արուեստի, առողջապահութեան եւ կրթական բնագաւառներու մէջ: Նորակառոյց սրահներէն մէկը պիտի յատկացուի հայրենի գիւղատնտեսութեան:

Տաղաւարի վերակառուցման նախագիծին հեղինակն է ճարտարագէտ փրոֆ. Ս. Սաֆարեան:

ՍԱՍՏԻԿ ՏԱՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի թերթերէն կ՛իմանանք, թէ սաստիկ տաք կ՛ընէ Երեւանի մէջ: Երկար տարիներու ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ Երեւանի մէջ զօրաւոր տաքերը կը սկսին առհասարակ յուլիսի երկրորդ կամ օգոստոսի առաջին կէսերուն: Ամէնէն բարձր ջերմաստիճանը` 40,6 արձանագրուած է 1935 օգոստոս 2-ին: Միւս տարիներուն ջերմաստիճանը նոյն ժամանակամիջոցին հասած է մինչեւ 39-39,7ի, սակայն այս տարի աւելի մեղմ եղած է տաքը այդ օրերուն: Այսուհանդերձ, տաքերը սաստկացած են օգոստոսի 14-էն սկսեալ: Օգոստոսի 18-ին ջերմութիւնը անցած է 38 աստիճանը, բան մը, որ անսովոր է Երեւանի համար: Օգոստոսի 20-էն ետք եղանակը սկսած է աստիճանաբար մեղմանալ:

ՀԱՅ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի հրաւէրով օգոստոս 19-ին Երեւան ժամանած են Փենսիլվանիոյ համալսարանի փրոֆ. Մանասէ Սեւակ, Ալապամայի համալսարանի փրոֆ. Չարլզ Քոչակեան եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բնալուծութեան ամպիոնին վարիչը` տոքթ. Աւետիս Խաչատուրեան:

ՀԱՅ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻԿԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Հելսինքիի (Ֆինլանտա) մէջ տեղի ունեցած խուլ մարզիկներու 9-րդ համաշխարհային խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան չորս տարին անգամ մը, մասնակցած է նաեւ Հայաստանէն Ռուտոլֆ Վարդանեան, Խ. Միութեան ախոյեան: Թեթեւ ծանրութեան մէջ մրցած է եօթը ըմբշամարտիկներու հետ եւ` բոլորին ալ յաղթած: Հայ ըմբշամարտիկը շահած է աշխարհի ախոյեանութեան պատուաւոր կոչումը եւ արժանացած է ոսկիէ մետալի:

ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԿԸ ԳԱՂԹԵՆ ԿԱՐՍԻ
ԵՒ ԱՐՏԱՀԱՆԻ ՇՐՋԱՆԷՆ

Սեբաստիայէն կը հեռագրեն Պոլսոյ թերթերուն, թէ թուրք գիւղացիները, որոնք կը բնակին Կարսի, Արտահանի եւ Արարատի շրջանին մէջ եւ անասնաբուծութեամբ կը զբաղէին, երկարատեւ երաշտին պատճառով սկսած են գաղթել եւ երթալ հաստատուիլ կեդրոնական եւ արեւմտեան Անատոլու: Գիւղացիները կը յայտարարեն, թէ մնալով արեւելեան նահանգներուն մէջ` դատապարտուած են փճանալու անօթութեան պատճառով, իրենց հողերը բերք չեն տուած այս տարի երաշտին պատճառով: Ուստի կը նախընտրեն գործ ու բնակութիւն փնտռել դէպի արեւմուտք:

Նոյն աղբիւրէն կը հաղորդուի, թէ Կարնոյ եւ Երզնկայի շրջաններուն մէջ եւս մեծ վնաս պատճառած է երաշտը:

Արեւելքէն արեւմուտք գաղթի առաջին շարժումը չէ ասիկա: Վերջին պատերազմէն առաջ ալ թուրքերը, որոնք Թրակիայէն եւ Պալքանեան երկիրներէն փոխադրուած էին արեւելեան նահանգներ, չէին ուզեր մնալ այնտեղ եւ գաղտնօրէն կը գաղթէին դէպի արեւմուտք: Երբ կը հարցուէր պատճառը, կը պատասխանէին տխրօրէն. «Սիւնը տեղէն շարժեցաւ անգամ մը»:

Իրականին մէջ երաշտը չէ պատճառը: Պատերազմի վախերուն ժամանակ «հարամ» հողը կ՛այրէ այս եկուորներուն ոտքերը:

Share this Article
CATEGORIES