ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՆՈՐ ՏԵՍԱԿԻ ԱՐՑՈՒՆՔԱԲԵՐ ՄԸ
ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ԿԸ ՍԻՐԵՆ ՑՈՅՑ ՏԱԼ, ԹԷ ԵՆԹԱԿԱՅ ՉԵՆ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԱՐՏԱՍՈՒԱԲԵՐ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ: ՍԱԿԱՅՆ ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ԺԱՊԱՒԷՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՂՆԵՐ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ՀԶՕՐ ՈՒԺ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ` ԶԱՆՈՆՔ ՄՂԵԼՈՎ ԱՐՏԱՍՈՒԵԼՈՒ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԵՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՅՍ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ:
Միջին տարիքի տղամարդիկ ենթադրաբար պէտք չէ արտասուեն, երբ ժապաւէն մը կը դիտեն:
Սակայն շատեր կ՛ընդունին, թէ «Թոյ սթորի 3» ժապաւէնը նման ներգործութիւն մը կ՛ունենայ իրենց վրայ, եւ թէ` անիկա հաւանաբար մաս կը կազմէ հետզհետէ ուռճացող ուղղութեան մը, որ կը միտի զգացական շատ աւելի նուրբ ապրումներ ստեղծելու շարժապատկերի պաստառին ճամբով:
Միացեալ Նահանգներու մէջ շարժապատկերի «տոկուն» քննադատներ խոստովանած են, թէ արտասուելու պահանջ զգացած են «Թոյ սթորի 3» ժապաւէնը դիտելէ ետք: նոյնպիսի ներգործութիւն մը արձանագրուած է, երբ ժապաւէնը ցուցադրուած է Բրիտանիոյ մէջ:
ճեֆ Զեկաս` 56 տարեկան քննադատ մը, կը մարմնաւորէ Միացեալ Նահանգներու մէջ այս ժապաւէնին ստեղծած հակազդեցութիւնները:
«Արցունք կար աչքերուս մէջ, շատ յուզիչ էր Էնտիի հրաժեշտը», կ՛ըսէ ան:
«Թոյ սթորի» ժապաւէններու շարքին երրորդը կը պատմէ 17 տարեկանը բոլորած հերոսին` Էնտիի համալսարան մուտքին մասին: Ան պիտի հեռանայ իր տունէն, սակայն պէտք է որոշէ իր խաղալիքներուն ճակատագիրը:
Շարժապատկերի քննադատներ նշած են, թէ ժապաւէնը կը պարունակէ մեծնալու, տունէն հեռանալու եւ հաւատարմութեան բնաբաններ: Ծնողներու համար մասնաւորաբար հզօր է տունէն հեռացող զաւկի մը պատճառած քաղցր ու դառն զգացումին գաղափարը:
Ծնողներ կրնան ապրիլ իրենց երիտասարդութեան օրերու կարօտախտ մը, իրենց զաւկէն հեռու ապրելու տխրութիւնը, սակայն նաեւ` այն ուրախութիւնը, թէ իրենց զաւակը մուտք կը գործէ աշխարհ` ի վերջոյ վերանորոգելու համար կեանքի թաւալումին ընթացքը:
Միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են արցունք բերողներ, որոնք օգտագործած են այն իրականութիւնը, թէ կարգ մը հանդիսատեսներ լաւ ժամանակ մը անցընելու գոհունակութիւնը կ՛ապրին, երբ լաւ մը կ՛արտասուեն:
Տարիներ շարունակ հանդիսատեսներ արցունքով լեցուն աչքերով դիտած են Պամպիի մօր մահը, «Քես»ժապաւէնին մէջ բազէին սպանութիւնը, «Թայթանիք»ի աւարտը եւ «Լաւ սթորի»ի մէջ Ճենիի մահը:
Սակայն, նոյնիսկ, երբ տղամարդոց աչքերը արցունքով լեցուած են այս ժապաւէնները դիտելու ընթացքին, անոնք յաճախ փորձած են ծածկել իրենց զգացումները:
Պատճառը վարուելակերպի որոշ ակնկալութիւնն է, ինչպէս կ՛ըսէ Փենսիլվանիոյ նահանգային համալսարանի դասախօս Մերի Պեթ Օլիվըր` հեղինակներէն մէկը ակադեմական ուսումնասիրութեան մը, որ կը քննէ «տխուր ժապաւէններ դիտելու հաճոյքին տարբերութիւնը սեռերու միջեւ»:
«Բազմաթիւ տղամարդիկ մեծ ճնշումի տակ կը գտնուին խուսափելու համար տխրութեան եւ վախի նման «իգական» զգացումներ արտայայտելէ: Կանուխ տարիքէն արական սեռը կը սորվի, թէ անպատշաճ է լալը: Նման պատգամներու յաճախ կ՛ընկերակցի ծաղրը, երբ այս պատգամները չեն կիրարկուիր», կ՛աւելցնէ ան:
Հարցը այն չէ, թէ չափահաս մարդիկ ծաղրանքի առարկայ կը դառնան, երբ արցունք կը թափեն ժապաւէն մը դիտելու ժամանակ, այլ այն է, թէ անոնք զոհն են նուրբ ակնարկութիւններու: Խէթ աչքով անոնց նայիլը հաւանաբար հակազդեցութիւն մըն է անոնց անզսպելի զգացումի արտայայտութեան:
«Արական լացը պատշաճ կը նկատուի որոշ պարագաներու, ինչպէս` մարզական սիրելի խումբի մը պարտութիւն, ծնողի մահ կամ պատերազմ,- կ՛ըսէ Օլիվըր:- Այս տեսակի բազմաթիւ վիճակներ կը տեսնենք «արական» լաց յառաջացնող ժապաւէններու մէջ, ինչպէս` «Ֆիլտ տրիմզ» կամ «Պրայըն՛զ սոնկ»:
Իրօք, կարգ մը տղամարդիկ հաւանաբար կ՛արհամարհեն «Թայթանիք» ժապաւէնը դիտելու ընթացքին լալու գաղափարը, սակայն անմիջապէս կ՛ընդունին, թէ իրենց կոկորդը կը սեղմուի, երբ կը դիտեն «Սէյվինկ փրայվեթ Ռայըն» կամ «Փլաթուն» ժապաւէնները: «Եղբօր» մը համար զոհաբերութեան գաղափարը շատ աւելի պատշաճ պատճառ մըն է զգացումներու յայտնութեան:
Ոչ միայն ժապաւէն դիտելու ընթացքին արտասուելը տղամարդոց վայել չի նկատուիր, այլ նաեւ գոյութիւն ունի այն կողմնակալութիւնը, թէ անիկա կ՛առնչուի որոշ տարիքի մը հետ:
«Որոշ ուսումնասիրութիւններ կը պաշտպանեն այն գաղափարը, թէ «լաւ մը արտասուելու համար» շարժապատկերի սրահ երթալը անչափահաս անձերու յատուկ խաղ մըն է, հաւանաբար` աճման հետ առնչուող մղում մը, որ կը միտի հետազօտել հզօր զգացումներ, ինչպէս նաեւ միջոց մը` կապուածութիւն մը հաստատելու բարեկամներու շրջանակի մը մէջ», կը բացատրէ Ուիսքոնսին- Մետիսըն համալսարանին հաղորդակցութեան արուեստներու բաժանմունքի դասախօս Մարի-Լուիսէ Մարես:
«Չափահասներ տարիքի բերմամբ ընդհանրապէս նուազ կը տեղեկացնեն այս մասին: Անոնք տխուր զգալու բազմաթիւ այլ պատճառներ կ՛ունենան: Նաեւ նուազ ժամանակ եւ ճիգ կրնան տրամադրել արտասուելու», կ՛աւելցնէ ան:
«Թոյ սթորի 3» ժապաւէնին յատկանշական երեւոյթը հաւանաբար այն է, թէ անիկա արական սէրը կը մղէ արտասուելու, հակառակ որ դասական որեւէ «տխուր» բան չի պատահիր ժապաւէնին մէջ: Ոչ ոք կը մեռնի, ոչ ոք իր կեանքը կը զոհէ միւսին համար, կեանքը տակնուվրայ դարձնող ողբերգութիւն մը չի պատահիր, ամէն ինչ լաւ է, երբ լաւ աւարտ մը տեղի կ՛ունենայ:
Թերեւս այս ժապաւէնը մէկ շառաւիղն է «Իթ՛ց է պիութիֆուլ լայֆ» ոճի ժապաւէններուն` իրենց անընդհատ ուրախութեան, սակայն նաեւ` խորապէս յուզիչ եւ արտասուաբեր աւարտով:
Փիքսար ընկերութեան կողմէ հրապարակուած այլ շարժուն գծանկար մը` «Ափ» կը պարունակէր այնպիսի մասեր, որոնք կը լացնէին ակնդիրը:
Իսկ քննադատներ կը նշեն յուզականութեան տիրական ներկայութիւնը վերջերս հրապարակուած «Սայրուս» եւ «Տը քիտծ առ ըլայթ» ժապաւէններուն մէջ, որոնք կը վերաբերին ընտանեկան բարդ յարաբերութիւններու:
Հաւանաբար ընտանեկան բարոյական ուժի եւ տարիքէ տարիք անցումի այս ծէսերն են, որոնք զգացումներ կը հրահրեն այլապէս զուսպ չափահաս ակնդիրին հոգիին մէջ:
«Մանուկներ անկարող են ընկալելու նման պատմութիւններու նրբութիւնն ու անոնց առթած զգացողութիւնը,- կ՛ըսէ Մարես:- Ուսումնասիրութիւններ մտածել կու տան, թէ զգացումներէն աւելի` արարքնե՛րը տիրական եւ ցայտուն են անչափահաս ակնդիրներուն համար, բացի եթէ հզօր շեշտ մը դրուած է զգացումներու վրայ»:
«Միւս կողմէ` կատարելապէս հասկնալի է, թէ նման պատմութիւններ պիտի արձագանգեն նաեւ չափահասներու սրտին մէջ` հրահրելով մեր սեփական կեանքէն յիշողութիւններ, երբ ամէն ինչ կ՛ընթանար արագ վազքով, եւ չափահաս կեանքը կը գտնուէր մեր դիմաց` իր անվերջ կարելիութիւններով: Ասիկա դառն ու քաղցր պահ մըն է, զոր կրնանք վերապրիլ, նկատի ունենալով, որ առիթները շուտով կը սկսին չքանալ»:
Իսկ «Թոյ սթորի 3»ի նման ժապաւէններու մէջ զգացումները կը շեշտուին, երբ զաւակներ ունինք մեր կողքին:
«Հարց կու տամ, թէ արդեօք անիկա մեր սրտին լարերուն կը հպի նաեւ այն ակնկալութեան պատճառով, թէ մեր սեփական զաւակը, որ ուրախ – զուարթ փոփ քոռն կը ծամէ մեր կողքին, շուտով հասակ պիտի նետէ եւ պիտի հեռանա՞յ տունէն», կ՛ըսէ Մարես:
«Իբրեւ ծնող, տեւաբար կը տատանիմ երկու ցանկութիւններու միջեւ. մէկ կողմէ կը փափաքիմ, որ զաւակներս արագ մեծնան, միւս կողմէ` կ՛ուզեմ, որ անոնք մնան իմ ձագուկներս», կ՛աւելցնէ ան:
Բոլոր այն ծնողները, որոնք արտասուած էին «Ի. Թի.» ժապաւէնը դիտելու ընթացքին, պիտի հասկնան այս բոլորը:
Իսկ արտասուաբեր շարժառիթները մեծ մասամբ պիտի ներկայանան անասուններու սիրուն շարժուն գծանկարներով եւ գեղադէմ մատղաշ անձերու մահով:
Ամէն պարագայի կասկած չկայ, թէ Հոլիվուտի զգացական դաշտը սկսած է ընդարձակուիլ:
ԱՐՑՈՒՆՔ. Ո՞Ր ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ
«Պամպի». Պամպիի մայրը կը սպաննուի:
«Տը փրինսես էնտ տը ֆրոկ». կայծոռիկ մը կը ճզմուի ոտքի տակ եւ կը վերածուի աստղի:
«Պրոքպեք մաունթըն». միասեռական քաուպոյ մը կը յուզուի` տեսնելով իր մեռած սիրածին շապիկը:
«Տետ փոէթց սոսայըթի». ուսանողներ իրենց վտարուած ուսուցիչին նկատմամբ իրենց սէրը կ՛արտայայտեն` կանգնելով գրասեղաններու վրայ:
«Քես». մանչուկի մը ուրախութեան միակ աղբիւրը` բազէ մը կը սպաննուի:
Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՄՂԷ ԱՐՏԱՍՈՒԵԼՈՒ
Մերի Պեթ Օլիվըր մասնագէտ է լրատուամիջոցներու եւ պաստառի ներգործութեան: Ան կ՛ըսէ.
Կը կարծէի, թէ արտասուաբեր ժապաւէնները տխուր ժապաւէններ են:
Սակայն ներկայիս սկսած եմ մտածել, որ երբ կը դիտենք «տխուր» ժապաւէններ, իրականութեան մէջ կը դիտենք բան մը, որ մեզի կ՛օգնէ իմաստ փնտռելու, հարց տալու, թէ ի՞նչ է կեանքի իմաստը:
Անոնք մեզ կը մղեն հարց տալու, որ ի՞նչ բան արժէք ունի, թէ` ինչպէ՞ս կարելի է պատասխան մը գտնել մարդկային վիճակին առնչուող հարցումներու:
Եւ ընդհանրապէս այս հարցումները կը վերաբերին կեանքի ուրախութիւններուն, սակայն նաեւ` ողբերգութիւններուն:
Երբ կը խորհրդածենք իմաստներու մասին, կը խորհրդածենք կեանքի եւ մահուան մասին, անցնող ժամանակին, ժամանակի մէջ մեր տեղին եւ այլն:
Ասիկա անիմաստ է, եւ կը հաւատամ, թէ բազմաթիւ ժապաւէններ կրնան օգնել մեզի` պատասխան մը գտնելու նման հարցումներու:
ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՆՊԱՏԵՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼՈՎ

«Երիտասարդութեան աղբիւրը» կը պատկերէ մարդկային հինաւուրց մարմաջը անմահութեան: Գերմանացի գեղանկարիչ Լուքաս Քրանախ երէց այս գեղանկարը իրագործած է 1546-ին:
Ո՞Վ Կ՛ՈՒԶԷ ՄԵՌՆԻԼ: ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ, ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐՈՎ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐՈՎ ՁԳՏՈՒՄՆ Է ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ: «ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՍԹԻՒԸՆ ՔԷՅՎ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԶԱՐԳԱՑՆՈՂ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ «ԹՈՐՉՎՈՒՏ» ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԷՆ ՄԵԿՆԱԾ` ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ԱՅՍ ՁԳՏՈՒՄԻՆ ԴԵՐԸ ԻԲՐԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄՂԻՉ ՈՒԺ, ԲԱՑԱՏՐԵԼՈՎ, ԹԷ ԽՈՐՔԻՆ ՄԷՋ ԻՆՉՈ՛Ւ ՄԱՀՈՒԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԲԱՂՁԱԼԻ Է:
Պահ մը երեւակայեցէք, թէ ոչ ոք կը մեռնի: Յանկարծ, երկնային միջամտութեամբ կամ ջուրի աղբիւրներու մէջ հրաշագործ շիճուկի մը սպրդումով, մահը կը չքանայ: Կեանքը կը շարունակուի եւ կը շարունակուի: Բոլորս ձերբազատած ենք այն վախէն, թէ մեր սիրելիները պիտի խլուին մեզմէ, եւ իւրաքանչիւրս հարուստ ենք ամէնէն թանկագին բնական աղբիւրով, որ ժամանակն է:
Ասիկա հրաշալի պիտի ըլլար: Այնպէս չէ՞:
Այս հիմքին վրայ կառուցուած է «Սթարզ» եւ «Պի. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ պատրաստուած «Թորչվուտ. միրըքըլ տէյ» յայտագիրներու շարքը, որ կը ցուցադրուի այս ամառ եւ վերջ պիտի գտնէ այս ամիս: Վերնագիրին մէջ նշուած «հրաշքը» այն է, թէ այլեւս ոչ ոք կը մեռնի, սակայն ի յայտ կու գայ, թէ ասիկա անէծք մըն է, որովհետեւ բնակչութեան գերաճը շուտով կը սպառնայ վերջ դնել մարդկային քաղաքակրթութեան: Յայտագիրը հաճելի մէկ հակասութիւնն է յաւիտենական կեանքի մեր հինաւուրց երազին: Եւ ճիշդ է յոռետեսութիւնը, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ այս երազը իրականութիւն դառնայ: Սակայն ժապաւէնին մէջ նկարագրուած յոռետեսութեան պատճառները սխալ են: Նիւթեղէն առումով, կրնանք յարմարիլ հրաշագործ շիճուկի մը գալուստին: Սակայն հոգեբանական գետնի վրայ անմահութիւնը պիտի նշէր մեր աւարտը:
Հարցը այն է, թէ մեր մշակոյթը հիմնուած է անմահութեան մեր ձգտումին վրայ: Անիկա կը ձեւաւորէ մեր արարքներն ու հաւատալիքները, մեզ ներշնչած է` հիմնել կրօններ, գրել բանաստեղծութիւններ եւ կառուցել քաղաքներ: Եթէ բոլորս անմահ ըլլայինք, քաղաքակրթութեան անիւը պիտի պայթէր եւ կանգ առնէր:
Բանաստեղծներ եւ փիլիսոփաներ երկար ժամանակէ ի վեր վարժ են այն իրականութեան, թէ անմահութեան ձգտումը կը ղեկավարէ մարդկութեան յատուկ երեւոյթները: Սակայն միայն վերջին տասնամեակներուն է, որ գիտական ապացոյցներ պաշտպանած են այս իրողութիւնը:
Ամերիկացի ընկերային հոգեբաններու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, որ սկիզբ առած է 1989-ին, ի յայտ բերած է, թէ մահացութեան պարզ յիշեցում մը յատկանշական ազդեցութիւն կը գործէր մարդոց քաղաքական եւ կրօնական տեսակէտներուն վրայ:
Իրենց առաջին փորձարկութեան մէջ ուսումնասիրողները ներառած են Արիզոնայի Թուսան շրջանէն դատաւորներ: Անոնք դատաւորները բաժնած են երկու մասի: Մէկ մասին անձնական անմեղ հարցարաններով յիշեցուցած են իրենց մահկանացու ըլլալու իրողութիւնը, իսկ միւս կէսին ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարած են այս մասին: Ապա բոլորէն խնդրած են վճիռ արձակել պոռնկութեան ենթադրեալ հարցի մը առնչութեամբ, որ յար եւ նման էր այն հարցերուն, որոնց վերաբերող վճիռներ արձակած էին անոնք նախապէս: Ա՛յն դատաւորները, որոնց յիշեցում կատարուած էր իրենց մահկանացու ըլլալու մասին, 9 անգամ աւելի բարձր տուգանք (50 տոլարի փոխարէն` 455 տոլար) սահմանած էին, քան անոնք, որոնց նման յիշեցում չէր կատարուած:
Այս հոգեբանները` Շելտըն Մոլոմոն, Ճեֆ Կրինպըրկ եւ Թոմ Փայժչինսքի կը փորձարկէին այն վարկածը, թէ մենք մեր մշակութային աշխարհահայեացքը ձեւաւորած ենք այնպէս, որ այն զգացողութիւնը ապրինք, թէ կրնանք յաղթել մահուան: Անոնք կը տրամաբանէին, որ այլապէս մահուան ենթակայ զգալով` մարդիկ շատ աւելի ամուր կերպով պիտի կառչէին իրենց հաւատալիքներուն եւ շատ աւելի ժխտական վարուելակերպ պիտի ցուցաբերէին անոնց նկատմամբ, որոնք վտանգ կը սպառնային իրենց: Դատաւորներուն պատահածը այս էր. երբ անոնց յիշեցուցած էին, թէ օր մը պիտի մեռնէին, անոնք շատ աւելի խիստ պատիժ սահմանած էին անոնց նկատմամբ, որոնք բռնաբարած էին իրենց աշխարհահայեացքը:
Այնուհետեւ ընկերային հոգեբաններ այս վարկածը ուսումնասիրած են աւելի քան 400 փորձարկութիւններով, որոնք կը միտին հետազօտել մեր աշխարհահայեացքին տարբեր երեւոյթները` հայրենասիրութենէ մինչեւ կրօնական հաւատալիքներ: Ցարդ անոնց արձանագրած արդիւնքները տեւաբար կը պաշտպանեն թեզ մը, որ ծանօթ է իբրեւ «սարսափը հակակշռելու տեսութիւն», որուն համաձայն, մեր հայեցակէտին յատուկ երեւոյթները կը ղեկավարուին մահուան վախը հակակշիռի տակ պահելու մեր կարիքին մղումով: Այլ խօսքով, մշակութային, փիլիսոփայական եւ կրօնական մեր համակարգերը գոյութիւն ունին` անմահութիւն խոստանալու համար մեզի:
Իւրաքանչիւր քաղաքակրթութիւն ունեցած է նման համակարգեր: Անոնք խտացած են Եգիպտոսի բուրգերուն մէջ, Եւրոպայի մայր եկեղեցիներուն եւ նոյնիսկ` արդի քաղաքներու երկնաքերներուն: Սիրելի՛ ընթերցող, շատ հաւանական է, որ դուն ալ մաս կը կազմես գէթ մէկ նման համակարգի մը. շարք մը հաւատալիքներու, որոնք մղիչ ուժ են քեզի համար եւ ձեւով մը կը խոստանան կեանքի շարունակականութիւնը: Թերեւս կը հաւատաս, որ եթէ եկեղեցի, ժողովատուն կամ մզկիթ այցելես, հոգիդ պիտի գոյատեւէ այլ ոլորտի մը մէջ: Թերեւս կը քաջալերես զաւակներուդ այն համոզումը, թէ քեզմէ բան մը պիտի ապրի իրենց մէջ: Կամ թերեւս կենսանիւթեր կուլ կու տաս եւ վազելու կ՛երթաս` յուսալով, որ աւելի արագ պիտի վազես կեանքը հնձող մահէն:
Այս համակարգերէն ոմանք բացայայտօրէն կը շեփորեն մահը յաղթահարող իրենց խոստումը: Օրինակ` քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը մեծ տեղ կը յատկացնեն յաւիտենական երանութեան հեռանկարին: Նոյնպէս ալ` արուեստները, մասնաւորաբար` շարժապատկերի արուեստը եւ անոր ընկերակցող աստղերու մշակոյթը: Ինչպէս շարժապատկերի աստղ Ճէյմզ Տին ըսած է` «միակ յաջողութիւնը, միակ մեծութիւնը անմահութիւնն է»: Սակայն, եթէ աւելի խոր նայինք, մահուան բացակայութեան խոստումը կը գտնենք այնպիսի վայրերու մէջ, որոնք երբեք բացայայտ չեն: Օրինակ` հարստութեան կուտակումին, որուն կ՛ընկերակցի կեանքի յարատեւութեան ուժի լուսապսակը, կամ աւելի մեծ ամբողջութեան մը, ինչպէս` ազգի մը կամ ֆութպոլի խումբի մը փարիլը, նոյնիսկ` գիտական ուսումնասիրութեան հետապնդումը, որ կը խոստանայ յարատեւ ճշմարտութիւն:
«Թորչվուտ»ի յայտագիրներուն բուն հարցադրումը հետեւեալն է. ի՞նչ պիտի պատահի մահը յաղթահարելու կոչուած մեր համակարգերուն, երբ այլեւս մահ գոյութիւն չունենայ: Տրամաբանական պատասխանը պիտի ըլլար այն, թէ անոնք այլեւս անպէտք պիտի ըլլային: Կարիքը պիտի չունենայինք յառաջդիմութեան կամ արուեստի, հաւատքի կամ համբաւի: Յանկարծ ընելիք պիտի չունենայինք: Այսուհանդերձ, մեծագոյն հեգնանքը այն է, թէ պիտի ունենայինք անվերջ հազարամեակներ` բան մը չընելով ապրելու համար: Գործի լծուիլը պիտի կորսնցնէր իր նպատակը եւ ժամանակը` իր արժէքը: Ա՛յս է յաւիտենականութեան սարսափելի երեսը:
Եկէք` երախտապարտ մնանք, որ յաւիտենական կեանքի շիճուկը տակաւին կը մնայ խորհրդաւոր, եւ փոխարէնը` խմենք մեր վախճանական ըլլալու կենացը:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ