ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆԻ «ՀԱՅՈՒՆ ԳՈՅԱՊԱՅՔԱՐԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ» ԳԻՐՔԻ ՄԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հրայր Ճեպեճեանի «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհին» գիրքով երէկ` երեքշաբթի, 15 մարտի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Համազգայինի գրախանութին մէջ ընթացք առաւ «Հայ գրականութեան շաբաթներ» նախաձեռնութիւնը, որուն ընթացքին ընթերցողները առիթ պիտի ունենան ուղղակի կապի մէջ մտնելու հեղինակներուն հետ եւ անոնց կողմէ մակագրուած գիրքեր ունենալու:

15 մարտէն մինչեւ 1 ապրիլ երկարող այս նախաձեռնութեան ծիրին մէջ Համազգայինի գրախանութին մէջ պիտի հիւրընկալուին տարբեր գիրքերու հեղինակներ:

Գիրքերու հեղինակներուն հետ զրուցելու այս իւրայատուկ առիթը բնականաբար առիթ պիտի տայ աւելի եւս ծանօթանալու հեղինակներուն միտքերուն, գաղափարներուն, ճանչնալու զանոնք իբրեւ անհատներ, անոնց հետ բաժնեկցելու գիրքերուն առնչուող կարծիքներ ու մտորումներ:

Այս առիթով «Ազդակ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհին» գիրքի հեղինակ Հրայր Ճեպեճեան յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւններ շատ կարեւոր են հայ գրականութիւնը ժողովուրդին աւելի մատչելի դարձնելու եւ հայ գիրքին նկատմամբ անոնց սէրը ամրապնդելու առումով: Ըստ անոր, թէեւ այսօր այս առումով տարբեր մարտահրաւէրներ գոյութիւն ունին, սակայն կարելի չէ պարզապէս ոչինչ ընել ու սպասել, որ հոսանքը գայ ու գլէ ամէն բան: Ան դիտել տուաւ, որ այսպիսով նաեւ կը քաջալերուի գիրքին հեղինակը, որովհետեւ առիթ կը ստեղծուի իր գիրքը ծանօթացնելու, ընթերցողներուն հետ կապի մէջ մտնելու, միտքերը յստակացնելու եւ կարծիքներ լսելու: Հ. Ճեպեճեանի համաձայն, «Գրականութեան շաբաթներ»ը լիբանանահայութեան մօտ յաւելեալ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն գրականութեան նկատմամբ, խթան կը հանդիսանան, որ մարդիկ հայերէնով գիրք կարդալու նախաձեռնեն: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայ դարու բազմաթիւ վտանգներուն մէջ պէտք է նման քայլեր առնել, որպէսզի ամբողջութեամբ չտարուինք համաշխարհայնացման հոսանքով, հայոց լեզուն պահպանելու հրամայականին դիմաց շարժում ստեղծենք եւ համապատասխան քայլերու դիմենք:

Աւարտին Հ. Ճեպեճեան յոյս յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը նաեւ առիթ ըլլայ բարերարներուն եւ մեկենասներուն հայ գիրքի հրատարակութեան նեցուկ ըլլալու, օժանդակելու անոր տարածման եւ հայկական տուներուն մէջ հայ գիրքի ներկայութեան: Անոր համաձայն, գիրք հրատարակելով չ՛աւարտիր աշխատանքը, այլ գիրքը ընթերցողներուն հասցնելն է հիմնական մարտահրաւէրը:

Ան հաստատեց, որ ասիկա լաւ սկիզբ է, պէտք է զարգացնել ու ճիւղաւորել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES