Ո՞Վ Կ՛ԻՇԽԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ` ԷՐՏՈՂԱ՞Ն, ԹԷ՞ ԱԼԻԵՒ

Թուրք ղեկավարները յաճախ կը պարծենան անով, թէ իրենք յաջողած են սնանկ տնտեսութիւն եւ ներքաղաքական լուրջ խնդիրներ ունեցող երկրէ մը Թուրքիան վերածել մեծ ազդեցութիւն ունեցող շրջանային հզօր պետութեան մը:

Իրապէս, Միացեալ Նահանգներէն ետք, Թուրքիան երկրորդ մեծագոյն բանակը ունի ՕԹԱՆ-ի մէջ, իսկ Ներքին ընդհանուր արտադրութեան ծաւալով` անիկա աշխարհի 15-րդ մեծագոյն տնտեսութիւնը ունեցող երկիրն է: Թուրքիան, իբրեւ ինքնակոչ հաշտարար եւ միջնորդ, յաճախ կը միջամտէ շրջանային եւ միջազգային թէժ հարցերու: Գերակայութեան այս կեցուածքը «Սուլթան» մակդիրը շնորհեց վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, որ ամէն գնով վճռակամ է վերականգնել վաղուց անհետացած Օսմանեան կայսրութիւնը:

Թուրքիոյ ազդեցութեան ընդլայնման արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքը յաճախ կրկնուող «մանթրա»ն է` «զերօ խնդիրներ` դրացի երկիրներու հետ», որ յաջողութեամբ չէ իրագործուած շատ յաճախ: Թէեւ Թուրքիան կրցած է իր յարաբերութիւնները բարելաւել Սուրիոյ եւ Իրանի հետ, սակայն Հայաստանի հետ հաշտեցման անոր երկերես ջանքերը լրիւ ձախողած են: Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման կեղծ տպաւորութիւնը ստեղծելու անոր խճճուած փորձերը չխաբեցին ոեւէ մէկը, մասնաւորաբար` սփիւռքահայերը, որոնք քաջածանօթ են թրքական նման նենգ մարտավարութեան:

Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի հետ հաշտութեան Թուրքիոյ կեղծ վերաբերմունքէն խաբուած միակ ղեկավարը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն էր: Հեգնականօրէն, Թուրքիոյ` «զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» քաղաքականութիւնը անսպասելի եւ հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ` Ազրպէյճանի հետ յարուցելով նոր խնդիրներ, որոնք նախապէս գոյութիւն չունէին:

Ազրպէյճանի նախագահը սաստիկ զայրացաւ, երբ իմացաւ, որ Անգարա կը պատրաստուէր ստորագրելու Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, որոնցմով կը նախատեսուէր բանալ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը եւ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Թուրքիոյ հաւաստիացումները, թէ սոյն արձանագրութիւնները պարզապէս Հայաստանէն զիջումներ կորզելու միջոց են, ոչ մէկ ձեւով հանգստացուցին Ազրպէյճանի նախագահը: Ալիեւ պահանջեց անյապաղ դադրեցնել համաձայնագիրը, որովհետեւ ան չէր ուզեր, որ Հայաստանի շրջափակումը վերացուի, քանի տակաւին Արցախը չէ վերադարձուած Ազրպէյճանին:

Թէեւ արձանագրութիւնները ակնյայտօրէն կը բխէին Թուրքիոյ ազգային շահերէն, վարչապետ Էրտողան ընկրկեցաւ ազրպէյճանական ճնշումին տակ եւ հրաժարեցաւ անոնց վաւերացումէն: Ան ինչո՞ւ ենթարկուեցաւ Պաքուի հրամաններուն եւ աւարտին չհասցուց համաձայնագիրը, որ ակներեւօրէն կ՛արտայայտէր իր երկրին շահերը: Ահաւասի՛կ որոշ հաւանական բացատրութիւններ. նախ, Թուրքիան իրեն մատակարարուած ուժանիւթին մէկ մասը կը ստանայ Ազրպէյճանէն, երկրորդ` Թուրքիա ապրող ազրպէյճանցիները կտրականապէս դէմ են արձանագրութիւններուն. երրորդ` Էրտողան գերզգայուն է այն մեղադրանքներուն նկատմամբ, թէ ինք սիրաբանութիւն կ՛ընէ թշնամի Հայաստանի հետ` դաւաճանելով «եղբայրական» Ազրպէյճանին:

Անշուշտ, իսկական ուժեղ առաջնորդը պէտք է ի վիճակի ըլլայ պաշտպանելու իր երկրին ազգային շահերը եւ դէմ դնելու արտաքին ու ներքին ճնշումներուն: Հակառակ միջազգային ուղեւորութիւններու ընթացքին Էրտողանի ամպագոռգոռ ելոյթներուն, փաստը այն է, որ իր իշխանութիւնը կայուն եւ ապահով չէ: Թէեւ ան իր արտաքին գործընկերներուն կը ներկայանայ իբրեւ հզօր երկրի ղեկավար, սակայն ան ունի ներքին բազմաթիւ թշնամիներ, որոնք շարունակ դաւեր կը նիւթեն` զայն վերացնելու համար:

Անցեալ շաբաթ ի յայտ եկան նոր ապացոյցներ, որոնք բացայայտեցին վարչապետ Էրտողանի խոցելի իշխանութիւնը եւ նախագահ Ալիեւի կողմէ` անոր թուլութիւնը շահագործելու կարողութիւնը: Արդարեւ, Կարսի նախկին քաղաքապետը յայտնեց, որ Ազրպէյճանի նախագահը յորդորած էր Էրտողանին քանդել Հայաստան-Թուրքիա բարեկամութեան կիսակառոյց յուշարձանը, իսկ թուրք ղեկավարը հնազանդած էր անոր յորդորին` Կարս կատարած իր այցելութեան ընթացքին: Պատճառաբանելով, թէ արձանը անճոռնի էր եւ տգեղ` Էրտողան պահանջած էր քանդել զայն: Կարսի նախկին քաղաքապետը Մարմարայի համալսարանին մէջ ուսանողներուն ըսաւ, որ յուշարձանը քանդելու առաջարկը ներկայացուած է Ալիեւի բացայայտ պահանջով: Հետագային, Կարսի քաղաքային խորհուրդը քուէարկած էր վիթխարի յուշարձանի քանդումին օգտին: Կուրօրէն հետեւելով Ալիեւի հրամաններուն` Էրտողան աշխարհի տարածքին ստուեր կը ձգէ իր համբաւին վրայ: Ոմանք Էրտողանի տհաճ արարքը համեմատեցին Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններուն կողմէ Պուտտայի սրբացած արձաններու ոչնչացումին հետ:

Ասիկա արտառոց իրավիճակ մըն է, երբ փոքր պետութեան ղեկավարը կրնայ իր կամքը թելադրել աւելի հզօր դրացիին: Երբ Ալիեւ պահանջեց չվաւերացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, «մեծ եղբայրը» պարտաւոր եղաւ եւ իրականացուց Ալիեւ կրտսերին պահանջը: Այնուհետեւ, շփացած «կրտսեր եղբայրը» պահանջեց քանդել թրքական յուշարձանը: Այս հրամանը եւս անվերապահօրէն գործադրուեցաւ:

Եթէ Էրտողան կը կարծէ, թէ Ալիեւին զիջումներ կատարելով` կ՛ապահովէ Թուրքիոյ ուժանիւթի մատակարարումը, ապա չարաչար կը սխալի: Զիջում ընելը սայթաքուն զառիվայր մըն է, որ ճամբայ կը հարթէ առաւել մեծ զիջումներու: Իմանալով, որ իր ցանկութիւնները անառարկելիօրէն կ՛իրագործուին Թուրքիոյ ղեկավարներուն կողմէ` Ալիեւ այժմ ա՛լ աւելի կ՛ուռճացնէ իր պահանջները: Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր յաջորդ պահանջը Էրտողանէն: Որքա՞ն հեռու կ՛ուզէ երթալ հզօր «Սուլթանը», իր յանձնապաստան (գոռոզ) կրտսեր դրացիին պահանջները բաւարարելու հարցով: Վերջ ի վերջոյ, ո՞վ կ՛իշխէ Անգարայի մէջ, Էրտողա՞նը, թէ՞ Ալիեւը:

Սակայն, հայերը պատճառ չունին դժգոհելու այն բանէն, որ Ալիեւ հրահանգներ կ՛ուղղէ Էրտողանին: Թուրքիայէն պահանջելով չվաւերացնել արձանագրութիւնները` Ալիեւ ակամայ փրկեց Հայաստանը անխոհեմ համաձայնագիրէ, իսկ Կարսի յուշարձանը քանդելու անոր յորդորը` Էրտողանը ծաղրանքի առարկայ դարձուց ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց` Ռ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES