ՉԵԼԻՔ. «ԹՈՒՐՔԻԱ – ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԱՊԵՐԸ ԽԶՈՒԱԾ ՉԵՆ». «ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹՇՆԱՄԻՆ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՐԱՔ
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք նախատեսեց, որ Թուրքիոյ հետ տագնապը լուծուի` շեշտելով, որ Իսրայէլը Թուրքիոյ թշնամին պիտի չըլլայ: Ան ցաւ յայտնեց «Մաւի Մարմարա» նաւու դէպքին ընթացքին զոհերու արձանագրութեան համար, սակայն ուժի կիրարկման համար չզղջաց:
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Հիւսէյն Չելիք յայտնեց, որ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները իրենց նախկին մակարդակին կրնան վերադառնալ, եթէ Իսրայէլ «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ կատարած իր յարձակումին համար ներում հայցէ եւ զոհերու ընտանեկան պարագաներուն հատուցում վճարէ: Ան նշեց, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ հաղորդակցութիւնը չէ խզուած, որովհետեւ երկու երկիրներուն դեսպանատուները կը շարունակեն բաց մնալ:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու Իսրայէլի հետ տագնապին հարցով քննադատեց թրքական կառավարութիւնն ու անոր վարած քաղաքականութիւնը: Ան ըսաւ, որ թրքական կառավարութեան արտայայտած կեցուածքները նպաստած են Փալմըրի տեղեկագիրին մէջ Կազայի իսրայէլեան շրջափակման օրինականացման:
Քըլըճտարօղլու նշեց, որ իր երկիրը Իսրայէլի հետ տագնապին սկիզբէն ի վեր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան այս տագնապին հետ վարուելու կերպին պատճառով պարտուող կողմն էր:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութեանց մէջ յառաջացած լարուածութեան յայտնեց, որ «որոշեցինք հարցը Միջազգային արդարադատութեան դատարան ներկայացնել, որպէսզի վերջինս Կազայի շրջափակման օրինականութեան շուրջ որոշում մը տայ»: Ան ըսաւ, որ «Մաւի Մարմարա»ի հարցով ՄԱԿ-ի կազմած Փալմըրի յանձնախումբին որոշումը «անընդունելի է եւ Թուրքիա զայն չի կրնար ճանչնալ»:
Ան հերքեց, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի օդակայաններուն մէջ երկու երկիրներէն զբօսաշրջիկներու նկատմամբ վատ վերաբերմունք կը ցուցաբերուի` նշելով, որ «Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները սառեցնելու Թուրքիոյ որոշումը անհատներու չի վերաբերիր»: