ՄՈՒՍԱՈՒԻ – ՈՒԻԼԻԸՄԶ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շարք մը հարցեր, որոնց ծիրին մէջ ողջունուած է ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վաւերացումը, ինչպէս նաեւ շեշտուած է լիբանանեան ներքին կայունութեան պահպանումը:

Ըստ հաղորդագրութեան, կառավարութիւնը կրնայ դիմագրաւել երկրին սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` Մուսաուի հաստատած է, որ Սուրիա քոյր պետութիւն է` աւելցնելով, որ պէտք է զօրակցիլ Սուրիոյ կայունութեան պահպանման ջանքերուն: Ան նկատել տուած է, որ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ սուրիական ներքին հարցերուն միջամտութիւնները պիտի ունենան ժխտական ազդեցութիւններ, որոնք լիբանանեան ազգային շահերուն չեն ծառայեր:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ուիլիըմզ յայտնեց, որ ինք անհաւանական կը նկատէ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք նոր պատերազմ մը` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանան հաւանաբար միակ երկիրն է, որուն գերիշխանութեան դէմ գրեթէ օրական դրութեամբ ոտնձգութիւններ կը գործուին իսրայէլեան օդուժին կողմէ:

Անդրադառնալով Հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացման թղթածրարին` Ուիլիըմզ յայտնեց, որ այդ հողը պէտք է ազատագրել` Ղաժարի ալեւի բնակչութեան մտավախութիւնները փարատելով:

Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ հասարակ յայտարարներուն ակնարկութիւններ կատարելու ծիրին մէջ, Ուիլիըմզ նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապը Լիբանան պիտի չհասնի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES