ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼԸ
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ «Մուսթաքպալ հոսանքի լրատուամիջոցներուն եւ անոր պատասխանատուներուն կողմէ մեր լսած, դիտած ու կարդացած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ Մուսթաքպալ հոսանքը դաստիարակիչ եւ շինիչ ոչինչ ունի հրամցնելիք լիբանանցիներուն»:
Ռաատ հաստատեց, որ քաղաքական տուեալ հոսանքին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները գարշահոտ են եւ սադրանքներու որոշ հոտեր կ՛արձակեն:
Ռաատ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ արտայայտուած քաղաքական կեցուածքներու գռեհկութիւնը պատճառ դարձաւ, որ լիբանանցի ազգային անձնաւորութիւններուն եւ քաղաքական այլ կողմերու հետ կամուրջները հրկիզուին, յատկապէս երբ անոնք իրենց գռեհիկ բառամթերքին թիրախ դարձուցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ մնայուն ճիգ թափած է գժտուած քաղաքական կողմերը հաշտեցնելու:
Ռաատ հաստատեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Պըրրիի ցուցաբերած բանակցելու իւրայատուկ կարողութիւնները ներդրում ունեցան Դիմադրութեան եւ անոր ուղեգիծին պահպանումին, ինչպէս նաեւ յուսախաբութեան մատնեցին բոլոր այն ուժերը, որոնք կը փափաքէին ամերիկեան – իսրայէլեան երազներ իրականացնել:
Ռաատ ընդգծեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը սկսած է կարմիր գիծերը շրջանցել` Դիմադրութեան, կարգ մը ազգային խորհրդանիշներու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին դէմ անոր ցուցաբերած անվայել եւ յարձակողական վերաբերումով: